Շատերը չպատկերացուցին կորուստիս տարողութիւնը, պատճառած ցաւը, ընդվզումը…։ Ազգական մը նոյնիսկ համարձակեցաւ մօրս ըսել. « Ամա՛ն, ճանը՛մ, աղջկադ ըրածը շփացածութիւն է: Ինչո՞ւ այդքան «տերտ» կ՚ընէ. պուպրիկը՝ պուպրիկ է: Ահա քանի հատ նոր պուպրիկ ունեցաւ»:
Այդ ազգականը ամբողջ կեանքիս ընթացքին չկրցայ սիրել, որուն համար պուպրիկս պարզ կերպընկալի կտոր մըն էր...մինչ ան ինծի համար ամբողջ աշխարհ մըն էր, սէր էր, ընկերս էր, իմ մէկ հատիկս էր…։
Մինչեւ օրս տօնական շքեղ սեղաններն ու պալատանման տուները չեն կրնար փոխարինել, կամ մոռացութեան ենթարկել մեծ հօրս համեստ տան հետ կապուած ամանորեայ յիշողութիւններս՝ շագանակ հասցնող «մանղալ»ը, մեծ մօրս զարդարած չիրերու պնակը, կաղանդ պապուկին բերած պարզ նուէրները ու յատկապէս՝ ինձմէ խլուած պուպրիկիս վիշտը:
Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեանի գրիչէն կը կարդանք՝
Կաղանդը ուրիշ էր մեծ հօրս տան մէջ։ Ճոխ սեղանին կողքին անպայման «մանղալ» մը կար, որուն մոխրագոյն ածուխները եւ մերթ ընդ մերթ ճարճատող նարնջագոյն կայծերը կը ջերմացնէին ցուրտ Դեկտեմբերը, միեւնոյն ատեն եփելով շագանակը: Շիկացած ու կեղեւէն դուրս պոռթկացած շագանակին հոտը կը պարուրէր սենեակին օդը եւ կ՚ամբողջացնէր տօնական տրամադրութիւնը:
Մեծ մայրս, իր կարգին, սեղանին մէջտեղը կը զետեղէր տեսակաւոր չիրերու եւ հում պիստակեղէններու խոշոր պնակը, ուր կողք կողքի շարուած կ՚ըլլային մեծ ու փոքր չամիչի տեսակները, չոր ծիրանը, սալորը, տեսակաւոր պաստեղի շերտերը, որոնք աւելի համեղ կը դառնային, երբ կը փաթթուէին ընկոյզով, նուշով, կամ կաղինով։
Ամանօրեայ հաւաքներուն մանուկ հոգիս զարմանալիօրէն կը զուարթանար: Ներքին մղումով մը անընդհատ կը ցատկռտէի, առանց յոգնելու ու ձանձրանալու: Երբ ուտելն ու խմելը կ՚աւարտէր, յանկարծ աղմկալից հարուածներով դուռը կը ծեծուէր եւ կաղանդ պապուկ մը կը յայտնուէր: Երբեմն ան գիրուկ պապուկ մը կ՚ըլլար, երբեմն ալ խլէզի նման նիհար ու խեղճուկ մը: Ինչպիսի տեսքով ալ ըլլար կաղանդ պապան, մարմինս կաղանդ պապուկին խորհրդաւորութեան դիմաց կը սարսռար, իսկ սիրտս արագ- արագ կը տրոփէր, որոնց պատճառը մինչեւ օրս չեմ իմացած: Արդեօք պատճառը կաղանդ պապուկին տե՞սքն էր, զանգակին ձա՞յնն էր, ձեռքին ունեցած գաւազա՞նն էր...: Բարեբախտաբար ան նուէր մը կու տար, որմէ ետք սիրտիս զարկերը կը հանդարտէին:
Նուէրները թէեւ այսօրուան չափանիշներով չէին, բայց շատ կ՚ուրախացնէին մեզի։ Օձի խաղ մը, քանի մը մանր սուրճի գաւաթներ, մէկ թիզ հասակով պուպրիկ մը…։ Չկային այսօրուան շքեղ հագուած, ընտիր կերպընկալէ (բլասթիք) շինուած, ֆիլմաշխարհի եւ հեքիաթներու հերոսներուն կերպարներով պուպրիկներ: Գալով տղոց, յարմար կը նկատուէր՝ անձայն զէնք մը, կամ անշարժ ինքնաշարժ մը…: Հազուադէպ էին մարտկոցով (battery) աշխատող, լոյսերով ու ձայներով քալող խաղալիքները:
Ա՜խ ինչպիսի ուրախութիւն կ՚ապրէի, երբ երազած պուպրիկս գիրկիս մէջ կ՚ունենայի: Պուպրիկ մը, որ զետեղուած կ՚ըլլար թաղին ծայրը գտնուող խանութին ցուցափեղկին մէջ, եւ ես ամբողջ դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին զմայլանքով դիտած կ՚ըլլայի զայն: Թէեւ շատ կը փափաքէի այդ պուպրիկը ունենալ, բայց ոչ մէկուն կը պարզէի ցանկութիւնս: Այսօրուան չափանիշներուն չյարմարող պուպրիկ մըն էր, ցածրորակ կերպընկալէ, սառած դէմքով, անշարժ աչքերով, փունջ մը գանգուր մազերով եւ հասարակ չիթէ հագուստով:
Ամանորէն քանի մը օր ետք, հօրաքրոջս տղան Գերմանիայէն շատ գեղեցիկ պուպրիկ մը բերաւ ինծի։ Կապուտաչեայ, թարթող աչքերով, սիրուն թարթիչներով, իսկական նորածինի չափով ու տեսքով պուպրիկ մը։ Նորածինը հագած էր լեղակի կապոյտով հիւսուած գազակ մը, տաբատ մը եւ գլխարկ մը։ Ան շատ ընտիր եւ փափուկ կերպընկալէ մարմին ունէր, իսկ կռնակին զետեղուած գործիքին օգնութեանբ կու լար ամէն անգամ, որ զինք ուղղահայեաց դիրքէն կը շրջէի վար։
Նման գեղեցկութեամբ պուպրիկ մը դժուար էր պատկերացնել, բաղդատելով մեր շուկայի ընթացիկ պուպրիկներուն հետ: Շատ արագ պուպրիկս իմ «աշխարհս» դարձաւ: Իրեն տուի իմ մականունս, սէրս, կեդրոնացումս…։
Սիրալիր մօր մը նման, կը խնամէի պուպրիկս, կը լոգցնէի, կը կերակրէի, ապահով ասեղներու օգնութեամբ՝ փոխնորդ հագուստներ կը շինէի, իմ սիրած պատմութիւններս կը պատմէի, եւ իրեն կ՚ըսէի այն բաները, որ իմ մանուկ հոգիս կ՚ուզէր լսել։
Իմ ուրախութենէս անմասն չձգեցի իմ թաղեցի ընկերուհիներս, որոնց հետ փոխն ի փոխ կը գրկէինք ու կը սիրէինք կապուտաչեայ պուպրիկս, որ ամէնքիս անխտիր երկնային հրճուանք պարգեւած էր:
Հօրաքրոջս ծանօթ ընտանիք մը արաբական երկրէ մը ժամանած էին Լիբանան եւ քանի մը օր հօրաքրոջս տունը մնալէ ետք պիտի մեկնէին մեծ ցամաքամաս մը։ Հօրաքոյրս մօրս հաւանութիւնը ստանալէ ետք, առաջարկեց ինծի քանի մը օր իր տունը մնալ, որպէս ընկերակից իր մօտ հիւրընկալուող քոյրերուն:
Շատ մանրամասնութիւններ չեմ յիշեր խաղակից հիւրերուն հետ կապուած, բացի մէկ ցնցող պատահարէ։
Գիշերը անկողին մտայ ըստ սովորականին, փաթթոած իմ սիրելի պուպրիկիս: Առաւօտուն երբ արթնցայ, պուպրիկս կողքս չէր, իսկ հիւրընկալուած ընտանիքը մեկնած էր։
Խելագարի նման փնտռեցի նորածինս, ստուգելով տան անկողիներուն տակը, բարձերուն ու վերմակներուն արանքը , ճաշասրահին , հիւրասրահին մէջ միտքէ չանցած անկիւնները… բայց ի զո՜ւր։ Շատ մեծ դժուարութեամբ ըմբռնեցի, որ պուպրիկս ակամայ «ընկերակցած» էր գաղթող ընտանիքին:
Օրերով լացի եւ հիւանդացայ: Սիրելիներս՝ քեռիս, հօրաքոյրս, հօրեղբայրս, մեծ մայրս, նոր ու գեղեցիկ պուպրիկներ բերին, բայց ոչ մէկը փոխարինեց իմ կապուտաչեայ պուպրիկս։ Կարծես, թէ անոր «գաղթով» էութենէս մասնիկ մը կորսուած էր:
Շատերը չպատկերացուցին կորուստիս տարողութիւնը, պատճառած ցաւը, ընդվզումը…։ Ազգական մը նոյնիսկ համարձակեցաւ մօրս ըսել. « Ամա՛ն, ճանը՛մ, աղջկադ ըրածը շփացածութիւն է: Ինչո՞ւ այդքան «տերտ» կ՚ընէ. պուպրիկը՝ պուպրիկ է: Ահա քանի հատ նոր պուպրիկ ունեցաւ»:
Այդ ազգականը ամբողջ կեանքիս ընթացքին չկրցայ սիրել, որուն համար պուպրիկս պարզ կերպընկալի կտոր մըն էր...մինչ ան ինծի համար ամբողջ աշխարհ մըն էր, սէր էր, ընկերս էր, իմ մէկ հատիկս էր…։
Մինչեւ օրս տօնական շքեղ սեղաններն ու պալատանման տուները չեն կրնար փոխարինել, կամ մոռացութեան ենթարկել մեծ հօրս համեստ տան հետ կապուած ամանորեայ յիշողութիւններս՝ շագանակ հասցնող «մանղալ»ը, մեծ մօրս զարդարած չիրերու պնակը, կաղանդ պապուկին բերած պարզ նուէրները ու յատկապէս՝ ինձմէ խլուած պուպրիկիս վիշտը: