image

Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտ թաղամասին մէջ. «Նարեկացի» գրատան ամանորեայ հաւաքը (Լուսանկարներ)

Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտ թաղամասին մէջ. «Նարեկացի» գրատան ամանորեայ հաւաքը (Լուսանկարներ)

Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտ թաղամասին մէջ, օրերս, 300 մանուկներ ու պատանիներ իրենց ծնողներով համախմբուած էին «Նարեկացի» գրատան դիմաց, մասնակցելու Նոր տարուան առիթով տեղի ունեցած Ամանորի հաւաքին, որ կազմակերպուած էր Ազգային առաջնորդարանի հովանին վայելող գրատան կողմէ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ՝

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի հովանին վայելող «Նարեկացի» գրատան, հինգշաբթի 26 դեկտեմբերին Նոր տարուան առիթով տեղի ունեցաւ Ամանորի հաւաք:

Արդարեւ, 300 մանուկներ ու պատանիներ իրենց ծնողներով համախմբուած էին գրատան դիմաց` տօնելու Կաղանդը եւ անցընելու հաճելի պահեր:

Օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց առաջին հերթին «Նարեկացի» գրատան, որ համախմբած էր 300 փոքրիկները, որոնց անխտիր տրամադրուեցան նուէրներ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, Avo’s Roastery-ին, ձայնի հաղորդավար Յովսէփ Թերզեանին եւ «Փաուըրֆուլ քիտզ թիմ»-ին (Powerful kids team)` գործակցութեան համար:

Այնուհետեւ ներկայ մանուկներն ու պատանիները բաւական խանդավառ մթնոլորտի մէջ երգեցին, պարեցին եւ խաղացին` ընկերակցութեամբ Կրեթթային եւ «Փաուըրֆուլ քիտզ թիմ»-ի կերպարներուն` ձիւնեմարդուն, թզուկին եւ եղնիկին հետ:

Աւարտին անշուշտ ժամանեց Կաղանդ պապուկը, որ նուէրներ բաժնեց բոլոր փոքրիկներուն: