image

Լոյս աշխարհ եկած է Նաթալին. Յովիկ (Յովհաննէս) Եւ Վարիա Ժամկոչեաններու առջինեկ զաւակը

Լոյս աշխարհ եկած է Նաթալին. Յովիկ (Յովհաննէս)  Եւ Վարիա Ժամկոչեաններու առջինեկ  զաւակը

Երեւանի մեր աղբիւրները յայտնեցին  փոքրիկն Նաթալիի ծննդեան  բարի լուրը։

Նաթալին առաջին զաւակն է Յովիկ  եւ Վարիա Ժամկոչեաններուն, որոնք հաստատուած են Գանատայի մէջ։

 Նշենք, որ Յովիկ արմատներով Պէյրութէն է եւ ժամանակ մը Երեւան ապրելէ ետք մեկնած է Գանատա եւ հաստատուած այնտեղ։

Իսկ վերջինիս կեանքի ընկերուհին՝ Վարիան  հայրենահայ է։

 

Ինչքան կարիքն ունինք այսպիսի գեղեցիկ լուրերու, վստահ ըլլալով անշուշտ, որ նոր փոքրիկներու լոյս աշխարհ գալը նախ եւ առաջ իրական խթան է մեր ազգի գոյատեւման, պահպանման, ինչու չէ նաեւ հզօրացման։

Բոլոր հարազատներուն աչքը կը լուսենք  եւ կը շնորհաւորենք բոլորին ու յատկապէս փոքրիկի հօր՝ Յովիկին, որ մեր թերթի  վստահելի բարեկամներէն է։