Օրինակ Գերյ. Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, որ միայն վերջին տարիներուն ժամանեց Սուրիա եւ ստանձնեց Դամասկոսի թեմի առաջնորդութիւնը, երբեք խտիր չդրաւ մեծ ու փոքր գործերուն մէջ, ան նոյնիսկ վեհանձնութիւնը ունեցաւ Դամասկոս քաղաքի փողոցներու մաքրութեան մասնակցելու ու «բաց կերպ»ով խօսելու քրիստոնեայ համայնքներուն մօտ առկայ մտավախութիւններուն մասին։
Բոլորովին այլ պարագայ է Գերշ. Տ. Մակարը Եպս.ը, որ դեռ քանի մը օր առաջ, բոլոր տեսակի վտանգները աչքի առջեւ ունենալով փութաց՝ Քեսապ, մօտէն ծանօթանալու համար տեղի հայութեան խնդիրներուն...։
Մակար սրբազան, որ թեմը ստանձնեց ոչ այնքան «փայլուն» վիճակի մը մէջ կարողացաւ իր շուրջ հաւաքել ու մէկտեղել համայնքի բոլոր զաւակներու, ու դարձաւ ծառայութեան եւ նուիրումի բարի օրինակ։
Նոյնը կարող եմ անվարան կերպով ըսել Վեր. Յարութիւն Սելիմեանին մասին, որ Սուրիոյ պատերազմի ողջ տեւողութեան, ոչ մէկ անգամ (յատկապէս այն օրերուն, երբ Հալէպը ամէնօրեայ դրութեամբ կը ռմբակոծուէր) հեռացաւ իր ծննդավայր Հալէպէն...։
Բոլոր վերլուծութիւններէն անդին, աշխարհատարած հայութեան համար Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Թարթուսի, Պանիասի, Գամիշլիի, բայց մանաւանդ Հալէպի հայ բնակիչներու անվտանգութեան խնդիրը ամենակարեւոր օրակարգն է։
Անվտանգութիւնը, որուն պատճառով ալ հազարաւոր հայեր լքեցին իրենց բնօրրան հանդիսացող Սուրիան, երկիրը «պատէ-պատ» զարկաւ։ Ասատի ձախողած վարչակարգը, որ ամէն առիթի փորձեց սուտեր շարադրել, որ կը շարունակէ իր ձեռքերուն մէջ պահել Սուրիոյ կարեւորագոյն քաղաքները, ունէր կարեւոր առիթներ երկիրը դարձեալ ոտքի հանելու, տնտեսութիւնը աճեցնելու, ներքին խնդիրները եւ լարումը փարատելու եւ ի վերջոյ հարեւան երկիրներուն հետ բանակցելու, եւ լեզու գտնելու։
Անշուշտ Ասատի վարչակարգի տապալման հիմնական գործօններէն է Իսրայէլի անհանգստութիւնը, որովհետեւ անցնող առնուազն աւելի քան 20 տարիներու ընթացքին, Պաշշար Ասատ եւ զինք շրջապատող վարչակարգի ամբողջ անձնակազմը շատ ցած գիներ գանձելով «ապահովեցին«» իրանեան զէնքի ու զինամթերքի հոսքը՝ դէպի Լիբանան։ Այդպիսով շիիթ «Հըզպալլա»ն դարձաւ կարեւոր խաղացող ու կերպով մըն ալ կատարեց Իրանի թելադրանքները, նախ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին եւ ապա Սուրիոյ, Եմէնէնի եւ անգամ Իրաքի մէջ։
Այսօր արդէն կը նկատենք, որ Իսրայէլի համար «Հըզպալլա»ի առաջուայ վտանգը արդէն վերացած է ու նաեւ «փակուած» կը համարուի Թեհրանէն մինչեւ Պէյրութի հարաւային շրջաններ զէնք փոխադրելու համար եղած ցամաքային ճանապարհներն ու ռազմավարական արժէք ներկայացնող ծրագիր- հետագիծը։
Իսկ ինչ կը կատարուի Սուրիոյ մէջ, դեռ վաղ է ըսել, որովհետեւ, ոչ միայն աղօտ է ընդհանուր պատկերը, այլ կան մի քանի հիմնական խնդիրներ, որոնք շատ արագ լուծումներ պէտք է ստանան։
Տարբեր հարթակներու վրայ վերլուծողներ,գրողներ, տեսակէտ ունեցող մարդիկ կը խօսին Սուրիոյ վերջին զարգացումներուն մասին։ Վերլուծութիւններ կը կատարեն, ախտաճանաչումներ կը փորձեն ընել, բայց բոլորի «լեզուին տակ»ը կը շարունակէ յամենալ մէկ ու յստակ մտավախութիւն մը, որ արդեօք Սուրիան պիտի ունենա՞յ կեդրոնաձիգ կառավարութիւն մը, որ նախ երկիրը դուրս հանէ այս բարդ փուլէն, միացնէ այն շրջանները, ուր կան Տիւրզիներ, քիւրտեր, որոնք փորձած են ժամանակաւոր ինքնավարութեան մը հասնիլ, կամ բուժէ այն վէրքերը, որոնք ի յայտ եկան յատկապէս վերջին տարիներուն ՝ Հալէպի, Թարթուսի, կամ Պանիասի պարագային եւ ամենավերջինը արդար մօտեցումներ ունենայ կապուած մեծամասնութեամբ Ալէւի բնակչութիւն ունեցող Լաթաքիային, Քըրտահային եւ այդ շրջաններուն մէջ ապրող բնակչութեան համար, որոնք ինչ-ինչ պայմաններու բերումով Սուրիոյ սիւննի մեծամասնութեան համար կը համարուէին «թշնամի» քաղաքներ...։
Այս բարդ եւ բազմերես խնդիրներուն մէջ դարձեալ հայութեան մտասեւեռումը, ինչպէս վերը նշեցի հայաշատ, կամ նուազ հայաբնակ քաղաքներու վիճակն ու «ճակատագիր»ն է, որ կերպով մըն ալ այդ ափերուն մեզի համար գոյութենական խնդիր մը կը համարուի։
Ի վերջոյ հայեր պիտի ուզեն, իրենց կեանքը շարունակել Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ կամ Քեսապի մէջ։ Կամ անոնք ստեղծուած նոր պայմաններու լոյսին տակ, պիտի կարողանա՞ն «լեզու գտնել» նոր հասնող, նոր տեղաւորուող ու աճելու ճանապարհ բռնող թարմ իշխանութիւններուն հետ։
Հարցումին պատասխանը դեռ եւս անյստակ է, բայց կան դրական նշոյլներ, որոնք կը խօսին, կը պարզեն, եւ կը ներկայացնեն «նոր իրականութեան» մը առաջին ծիլերը, որոնք մեծ հաշուով դրական են, բայց կարեւորը այս բոլորին մէջ այն է, որ մօտիկ յառաջիկային ցնցիչ դէպքեր, կամ անսպասելի զարգացումներ տեղի չունենան, առանց անոր ալ բաւական վըրաւոր ու յոգնատանջ եղած Սուրիոյ մէջ։
Հայութիւնը «բոլորուած» իր հոգեւոր առաջնորդներուն շուրջ
Ի տարբերութիւն արեւմտեան երկիրներու, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ փոքրամասնութիւն հանդիսացող համայնքներու պարագային կը շարունակեն մեծ արժէք եւ կարեւոր ներկայութիւն հանդիսանալ կրօնական համայնքներու, յարանուանութիւններու առաջնորդները։
Ճիշդ է, որ Սուրիան արիւնագամ ըրած պատերազմի տարբեր փուլերուն այդ առաջնորդներէն ոմանք զոհուեցան կամ առեւնագուեցան, բայց այսօր եւս անոնք հոգեւոր առաջնորդ ըլլալու կողքին ունին նաեւ համայնքային ներկայացուցիչ ըլլալու հանգամանք։ Ի հարկէ այս մօտեցումը կուգայ նախ եւ առաջ Օսմանեան կայսրութիւնէն, ուր օրինակի համար Թուրքիոյ հայոց Պատրիարքները կը սեպուէին կարեւոր ներկայացուցիչներ ու շատ յաճախ պետութիւնը անոնց հետ «կը բանակցէր» փոքրամասնութիւններուն «բան մը ըսելու», կամ «թելադրելու» համար։ Այլ խօսք, որ շատ յաճախ հայութեան որոշակի մէկ տոկոսը, կամ ըսենք Օսմանեան կայսրութեան տապալման համար գործած խմբաւորումները, որոնք յետագային կուսակցութիւն դարձան, իրենց սխալ արարքները, ոչ միայն կ՚արժէզրկէին Պատրիարքը, թաղի քահանան կամ պատուելին, այլ աւելի վատը ընելով անոր (եւ յաճախ առանց գիտակցելու) կ՚անուանարկէին զինք...։ Այդպիսով պետութեան համար գործ մը դիւրացուցած կ՚ըլլային, ու ալ կարիք չէր ըլլար (պետութեան համար) հաշուի նստիլ այսպէս ըսած «վարկաբեկուած» Պատրիարքի մը, քահանայի մը, կամ պատուելիի մը հետ։
Յուրախութիւն մեզի նոյնը տեղի չունեցաւ Սուրիոյ պարագային, ու շնորհիւ իրենց իմաստուն քայլերուն տեղի Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ, կամ Աւետարանական համայնքներու հոգեւոր պետերը յաջողեցան ստեղծել կրօնական-համայնքային հարթակ մը ու իրենց բոլորանուէր ճիգերը ներդրեցին յանուն համայնքի անվտանգութեան։
Այսօր, որ նոր փուլ մը կը բացուի Սուրիոյ մէջ կը նկատենք անշուշտ, որ հայութեան անունով խօսող դէմքերը երեքն են՝ (սա անաչառութեան կարգով) Բերիոյ (Հալէպի) Թեմի Առաջնորդ՝ (Կիլիկեան Աթոռի) Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշքարեանը, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ Առաջնորդ Գերյ. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեանը եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանը։
Կան ի հարկէ այլ անուններ եւս, բայց նշուած անունները եղան առաջինները, որոնք արագօրէն խօսակցութեան մտան նոր իշխանութիւններուն հետ, եւ այսօր ալ կը փորձեն ոչ միայն հասկնալ Սուրիոյ մէջ ընթացող գործընթացներուն իսկութիւնը, այլ աւելի անդին երթալով պարտն ու պատշաճը ընել յանուն մեր համայնքի զաւակներու բարօրութեան։
Բնական է անշուշտ, որ սոյն առաջնորդներէն բացի ալ կան այլ նուիրեալներ, որոնց անուններուն այստեղ չյիշատակումը, ոչինչով պիտի պակսեցնէ իրենց արժէքը, բայց գետնի վրայ երեւոցող տուեալները վերը նշուած անուններուն որոշակի «առանձնաշնորհում» մը (որ միեւնոյն ժամանակ մեծ պատասխանատւութեան մասին կը խօսի)։
Օրինակ Գերյ. Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, որ միայն վերջին տարիներուն ժամանեց Սուրիա եւ ստանձնեց Դամասկոսի թեմի առաջնորդութիւնը, երբեք խտիր չդրաւ մեծ ու փոքր գործերուն մէջ, ան նոյնիսկ վեհանձնութիւնը ունեցաւ Դամասկոս քաղաքի փողոցներու մաքրութեան մասնակցելու ու «բաց կերպ»ով խօսելու քրիստոնեայ համայնքներուն մօտ առկայ մտավախութիւններուն մասին։
Բոլորովին այլ պարագայ է Գերշ. Տ. Մակարը Եպս.ը, որ դեռ քանի մը օր առաջ, բոլոր տեսակի վտանգները աչքի առջեւ ունենալով փութաց՝ Քեսապ, մօտէն ծանօթանալու համար տեղի հայութեան խնդիրներուն...։
Մակար սրբազան, որ թեմը ստանձնեց ոչ այնքան «փայլուն» վիճակի մը մէջ կարողացաւ իր շուրջ հաւաքել ու մէկտեղել համայնքի բոլոր զաւակներու, ու դարձաւ ծառայութեան եւ նուիրումի բարի օրինակ։
Նոյնը կարող եմ անվարան կերպով ըսել Վեր. Յարութիւն Սելիմեանին մասին, որ Սուրիոյ պատերազմի ողջ տեւողութեան, ոչ մէկ անգամ (յատկապէս այն օրերուն, երբ Հալէպը ամէնօրեայ դրութեամբ կը ռմբակոծուէր) հեռացաւ իր ծննդավայր Հալէպէն...։
Շատ առինքնող են այս օրինակներն ու անունները, որոնց շնորհիւ ապահով եմ, Սուրիոյ հայութիւնը պիտի կարողանայ հատել բոլոր դժուարութիւնները եւ անցնիլ կամուրջի դէպի միւս ափը... իսկ միութիւններուն կը մնայ լսել, ականջ տալ ու գործակցիլ առաջնորդներուն հետ, որպէսզի նախ այս միաբաններուն վարկն ու անունը բարձր մնայ ու ապա աւելիով երաշխաւորուի մեր համայնքներու անվտանգութիւնը։
Ի վերջոյ Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն համար անչափ կարեւոր պիտի ըլլայ պահել ու պահպանել Քրիստոնեայ կամ այլ փոքրամասնութիւններուն ներկայութիւնը այդ երկրին մէջ։
Համայնքները, հայութիւնը, ասորիները, յոյները, ասորիները, գաղթէացիները (քիլտանի), մարոնիները, տիւրզիները, ալէւիներն ու թուրքմէնները Սուրիոյ բուն հարստութիւնն են անշուշտ երկրի մեծամասնութիւն հանդիսացող Սիւննիներու կողքին։
Սագօ Արեան