Օրերս տխուր լուր ստացանք Երեւանէն։
Միւնիխի հիւանդանոցին մէջ մահացած է Ազգային Ժողովի 2003-2007 գումարման պատգամաւոր Տիգրան Ռաֆայէլի Եգանեանը:
Տ. Եգանեանը ծնած է 1978-ի փետրուար 7-ին, Երեւան:
1999թ. աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի տնտեսագիտական բաժինը:
1999-2002թ.թ. ուսանած է Երեւանի ժողովրդական տնտեսութեան հիմնարկը՝ 2002թ. պաշտպանած է գիտական թեզ եւ ստացած տնտեսագիտական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան:
2000-2003թթ. աշխատած է ՀՀ կառավարութեան աշխատակազմին մէջ:
2003-2005թթ. եղած է ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի խորհրդական:
2005թ. ԱԺ պատգամաւոր ընտրուած է ՕԵԿ համամասնական ընտրացուցակով:
2006թ. մայիս 25-էն` «Գործարար» պատգամաւորական խումբի անդամ, Աժ ընկերային, առողջապահութեան եւ բնութեան պահպանութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամ:
Վերջին տարիներուն կը զբաղէր գործարարութեամբ:
Նշենք, որ Տ. Եգանեանի մահուան բօթին արձագանգած են հանգուցեալի ընկերական շրջանակին մաս կազմող հանրայայտ գործիչներ եւ արուեստի ոլորոտի սիրուած անուններ։
Այս առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ յատկապէս Տիար Հայկ Եգանեանին։