Օրերս ԱՄՆ-ի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բնիկ սուրիահայ Սիրվարդ Թաշճեան-Մութաֆեան։
Ստորեւ կը հրապարակենք «Արեւելք»ի խմբագրութեան յղուած մահագրութիւնը։
Հանգուցեալ Սիրվարդ Թաշճեան Մութաֆեան, ծնած է Սուրիա Ռաքքա քաղաքին մէջ 1944-ին։
Ան կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ազգային վարժարանէն։
Եղած է համեստ եւ ազգասէր ընտանիքի զաւակ։1964 -ին ամուսնացած է հանգուցեալ Խաչատուր Մութաֆեանի հետ եւ ունեցած են 3 դուստեր։Լուսինը,որ կը գտնուի ԱՄՆ,Սիւզին Լիբանան,Թամարը Հայաստան։Բախտաւորուած է տեսնել իր թոռները,Մարիա,Սագօ Սարգիսեաններ,Ցողեր,Յովիկ Յովհաննէսեաններ։Եղած է բարի,խոնարհ,ընկերային,ծառայասէր եւ քաջ կին։Իր երիտասարդ տարիքին 10 տարիներ շարունակ խնամած է երիտասարդ,բայց անհանգիստ եւ անկարող ամուսնոյն ամենայն խոնարհ լռութեամբ։Իր անսահման զոհողութիւններով եղած է ընտանիքին սիւնը ,նիւթապէս եւ բարոյապէս ան իր մեծ սիրով եւ քուրքուրանքով ամուռ պահածէ իր ընտանիքը ,չըզգացնելով հօր բացակայութիւնը։
Սիրվարդը եւ իր ամուսինը ուխտած էին միշտ բարեսիրական գործեր կատարել ու իրենց օժանդակութեան լուման յատկացնել նամանաւանդ Հալէպի Ազգ.Սահակեան Վարժարանին։ Հանգուցեալը 1973 թուականէն սկսեալ անդամակցած է ՍՕԽաչի միութեան եւ եղած է նշեալ մարմին աշխոյժ պատասխանատուներէն։ Ունեցած է ուշագրաւ տաղանդ ասեղնագործութեան ոլորտէն ներս ու այդ առումով ալ մասնակցած ՍՕԽաչի շարք մը ցուցահանդէսներու ներկայացնելով՝ Ուրֆայի,Այնթէպի,Սվազի,Վանի եւ Մաքոքի ձեռագործերը։
2003 ին կը հաստատուի ԱՄՆ Գալիֆորնիաի Օրենճ Քաունդի ի շրջանը.կը շարունակէ ծառայել ՀՕՄ -ի նաեւ օգտակար դարձած է ՀՅԴ-ի AWF-ի հանդիսանալով կուսակցութեան յարգուած համակիրներէն մին։
Հակառակ ծանրօրէն հիւանդանալուն (2016), երբեք չէ հեռացած իր պաշտելի միութեան սատար հանդիսանալու պարատականութիւններէն եւ 2021 -ին պարգեւատրուած է, որպէս «Տիպար Մայր»։2023 ի դարձեալ կը պարգեւատրուի որպէս ՀՕՄ-իմիութեան 40 եւ աւելի տարիներու վաստակաւոր անդամ։
Հանգուցեալի թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի 1/13/2025- ին Միացեալ Նահանգներու Օրենճ ՔաունդԻ շրջանին մէջ, իսկ 22/12/2024-ին ժամը 15։30ին Ս.Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի հուեհանգստեան կարգ։