image
Հրատապ լուրեր:

Պերպոքն ու Պարրոն հանդէս եկած են Սուրիոյ մէջ իշխանութեան խաղաղ եւ ներառական անցման օգտին

Պերպոքն ու Պարրոն հանդէս եկած են Սուրիոյ մէջ իշխանութեան խաղաղ եւ ներառական անցման օգտին

Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները Դամասկոսի մէջ բանակցութիւններ վարած են Ահմատ Շարըհի հետ, յայտարարած՝ Եւրոմիութիւնը հանդէս կու գայ Սուրիոյ մէջ իշխանութեան խաղաղ եւ ներառական անցման օգտին:

Անալենա Պերպոքն ընդգծած է, որ Գերմանիան կ՚ուզէ օգնել Սուրիոյ՝ դառնալու «գործող պետութիւն»: Ան այցը որակած է որպէս յստակ ազդանշան Սուրիոյ եւ Գերմանիոյ, ինչպէս նաեւ ողջ Եւրոմիութեան միջեւ նոր յարաբերութիւններ հաստատելու հնարաւորութեան մասին:

Պերպոքի խօսքով՝ Պերլինը պատրաստ է աջակցելու Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական հաշտեցման: Դիւանագէտը Սուրիոյ նոր վարչակազմին կոչ ըրած է խուսափելու բնակչութեան խումբերու նկատմամբ վրէժխնդրութեան գործողութիւններէն, ընտրութիւններու անցկացման ձգձգումէն եւ դատական համակարգի ու կրթութեան համակարգի «իսլամականացման» փորձերէն:

Պարրոն ալ հանդէս եկած է Սուրիոյ մէջ բազմակարծութեան օգտին, որ կ՚ենթադրէ երկրի բնակչութեան բոլոր խումբերու, այդ շարքին՝ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւահաւասարութիւն: Ան նաեւ կոչ ըրած է քաղաքական լուծում տալու Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան մասը վերահսկող քիւրտերու հետ կապուած հարցերուն: