ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յունուար 4-9-ը պիտի այցելէ Հարաւային Քորէա, Ճափոն եւ Ֆրանսա։ Այս մասին ըսուած է ԱՄՆ Պարտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
«Հարաւային Քորէայի մէջ Պլինքըն «հանդիպումներ պիտի ունենայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ», որոնց ժամանակ ան կը նախատեսէ քննարկել երկկողմ համագործակցութեան հարցեր։
Ճափոնի մէջ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավարը կը նախատեսէ քննարկել «առաջընթացը դաշնակցային յարաբերութիւններուն մէջ» երկու երկիրներու միջեւ, ինչպէս նաեւ շարք մը «երկկողմ, տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր»։
Ֆրանսական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու հետ շփումներու ընթացքին Պլինքըն կ՚ակնկալէ քննարկել «մարտահրաւէրները Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ անկէ դուրս», -ըսուած է փաստաթուղթին մէջ։