image

Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան մասին. Ապտըլ Նասէրէն մինչեւ Ասատեան վարչակարգ

Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան մասին. Ապտըլ Նասէրէն մինչեւ Ասատեան վարչակարգ

Այստեղ անշուշտ շատ լուրջ թերացում մը կայ, որ կը խօսի քաղաքացիական կեցուածքի իրական թողլքումի, բռնատէրներուն հանդէպ ցոյց տրուած «երախտիք»ի ու մանաւանդ հնազանդութեան մասին, որ նոյնքան վիրաւորական է, բոլոր անոնց համար, որ Սուրիոյ մէջ յանուն իշխանափոխութեան փողոց իջան ու մահը իրենց աչքերուն առնելով պայքարեցան, որպէսզի Ասատ տապալի ու իրենք կարողանան կերտել նոր եւ սպասուած Սուրիա մը...։

Որդեգրուած ձեւը այս էր, ու այսօր երբ մեծ փոփոխութիւններու իրական հուն մը բացուած նոյն հայութիւնը, կամ հայութեան կարեւոր մէկ մասնիկը, ոչ միայն վախով կը հետեւի զարգացումներուն, այլ խորքային մակարդակով առնուազն «ուրախ» չէ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած տարերային ու անսպասելի զարգացումներով։

Ճիշդ է՞ արդեօք, որ հայութիւնը այսպէս ապրէր, այսպէս շարժէր, կամ այսպիսի գնահատականներ տար երկրի մը մէջ, որուն հիմնական հիւսկէնը կը համարէ ինքզինք։

Կամ ճիշդ էր, որ հայութեան կարեւոր մէկ տոկոսը թողնէր ու հեռանար իր այնքան սիրած ու փայփած քաղաքներէն ու շէներէն, դրօշակ դարձնելով «հանգիստ կեանք մըն է մեր փնտռածը, եւ ի վերջոյ քանի անգամ պիտի ապրինք» յանկերգը։ 

Պատասխան մը չունիմ այս մօտեցումներուն, սակայն տխուր շեշտերով կը դիմաւորեմ վաչկատուն ցեղերուն յատուկ այս վարքը, որուն պատճառով ալ Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութները դատարկուեցան ու դեռ ալ պիտի դատարկուին, ու անոնց փոխարէն Գանատայի եւ Ամերիկայի գաղութները «հարստացան» ու աւելիով պիտի հարստանան։

 

 

 

Վերջին երկու շաբաթներու զարգացումներէն ետք  արդէն պարզ դարձաւ, որ Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Հալէպի հայութեան «իրական տէր»ը, ոչ թէ միութիւններն ու կուսակցական մարմիններն են, այլ   երկրի յարանուանութեանց պատասխանատուները եւ գլուխները։ 

Այդ բոլորին մենք ականատես դարձանք, ոչ միայն այն պատճառով, որ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները լուծարեցին երկրի Ազգային Ժողովը, այլ նաեւ այն պատճառով, որ Հալէպի եւ ապա Դամասկոսի անկումէն անմիջապէս ետք  այդ քաղաքներու համայնքներուն առաջին խօսքերն ու յորդորները հնչեցին տեղի հայ համայնքապետերուն բերնով։

Ատոր յաջորդեց այն, որ  համայնքապետերը  առանձնակի հանդիպումներ ունեցան նոր իշխանութեանց ղեկավար մարմիններուն հետ, այդպիսով ալ կապ հաստատելով  Սուրիոյ ներկայիս առաջնորդ Ահմատ ալ Շարըհի գործակիցներուն հետ։

Բացառիկ վիճակ մը չէ անշուշտ այս մէկը, ու չի վերաբերիր միայն հայութեան, այլ կապուած է Սուրիոյ միւս քոյր յարանուանութիւններուն մէջ տիրող դրութեան հետ։ Այն իմաստով, որ  Ասատեան վարչակարգի օրերուն  ոչ իսլամ փոքրամասնութիւններուն տրուած առանձնաշնորհումները ըստ երեւոյթին պիտի շարունակուին, եւ այս առումով ալ քրիստոնեայ կրօնապետները պիտի  ստանձնեն յանձնառութիւն եւ միւս կողմէ ալ ունենան որոշակի իրաւունքներ։

Յստակ չեմ կրնար վճռել, որ արդեօք այս «իշխանակարգ»ը կամ իշխանութիւնը «կիսելու» մեթոտը  Օսմանեան կայսրութեան իշխանակարգէն սորվա՞ծ է կամ ոչ, սակայն փաստ է, որ կրօնքի հանդէպ մեծ հաշուով ժխտական մօտեցումներ ունեցող «Պաաս»ական ռէժիմը նոյն կերպ վարուած է քրիստոնեաներուն հետ, այն ինչ որ ըրած են Օսմանեան կայսրութեան իրարայաջորդ Սուլթանները։ Խորքին մէջ փոխգործակցութիւն մըն է եղածը, որ հիմնուած է յարաճուն եւ ոչ հաւասակշռուած  շահ-փոխյարաբերութիւններու վրայ, ուր օգտուողը եւ օգտագործողը միշտ նոյնն է՝ օրուայ իշխանակարգը, իսկ «հարկատու»ն եւ օգտագործուողը փոքրամասնութիւն հանդիսացող համայնքը իր ամենատարբեր մարմիններով։ 

Վերադառնալով ի մասնաւորի Սուրիոյ եւ Հալէպի հայութեան այսօր «արտայայտած» «մեծ լռութեան», ապա այդ մէկը պէտք է  պէտք է համարել զգուշաւորութեան արդիւնք...։

Շատեր կրնան առարկել, որ Հալէպի հայութիւնը պարզապէս յար եւ նման է Մերձաւոր Արեւելքի, արաբական ծոցի եւ Իրանի հայութեան, ուր տեղի համայնքային մարմինները «օրկանական» կամ այլ մակարդակի կապերով փորձած են «եոլա գնալ» ու ապրիլ օրուայ իշխանութիւններուն քմահաճոյքները համարելով «յատուկ վերաբերմունք» հայութեան, հայ ազգին ու նոյնիսկ Հայաստանին։

Այդպէս եղած է նախ եւ առաջ Եգիպտոսի մէջ, երբ հայութիւնը լախտի հարուած մը կերած է իր գլխուն «Թաամիմ»ի  (1950-ականներուն)  տարիներուն ... Հազարաւոր հայեր Ապտըլ Նասէրի աստղի բարձրացումին լոյսին տակ լքած են երկիրը ու հեռացած։ Տակաւին անոնց ունեցած մեծ հարստութիւնը, գումարները, կալուածներուն կարեւոր մէկ տոկոսը անցած է Նասէրի իշխանութեան ձեռքը։ Այդ բոլորը ապրելով սակայն, հայութիւնը, ոչ մէկ առիթով քննադատութիւն մը, դժգոհանքի խօսք մը հնչեցուցած է Նասէրի կամ անկէ ետք իրերայաջորդ կերպով երկրի ղեկը ստանձնած զօրավար-նախագահներու հասցէին։

Ճիշդ է, որ Եգիպտոս կը տարբերուի Սուրիայէն, ուր հայութեան գրեթէ բոլոր շերտերը, քաղաքական մարմինները գործակցութեան ինչ որ մակարդակ մը պահպանած են երկրի իշխանութիւններուն, գաղտնի սպասարկութեան (Տխրահռչակ՝ «Մուխապարաթ»ին) կամ նոյնիսկ նախագահական կառոյցին հետ։

Այդ տարիներուն էր նաեւ, որ Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, կամ նոյնիսկ Հոմսի, Համայի եւ Տէր Զօրի հայութեան տրուած էին, որոշակի իրաւասութիւններ եւ իրաւունքներ, որոնցմէ կ՚օգտուէին հայկական համայնքի «մեծամեծներ»ը , կամ ինչպէս սփիւռքով մէկ ընդունուած է ըսել «Եան-եաններ»ը։

Սա ի հարկէ «ներքին» կարգով երջանիկ ապրելու եղանակ մըն էր, որմէ օգտուեցան հալէպահայութեան փոքրամասնութիւնը հանդիսացող եւ սեղմ օղակի մը մը մէջ պարփակուած հանրոյթը, իսկ հայութեան մեծ տոկոսը մեծ հաշուով յար եւ նման «միւս» սուրիացիներուն, որոնք զրկուած էին տարրական պէտքերէ ու կ՚ապրէին ու կը «գոյատեւէին» մինչեւ որ դէպի դուրս բացուող պատուհան մը ճարէին ու վերջնականապէս հեռանային Սուրիայէն։ 

Հաֆէզ Ասատի ժամանակներուն «նուիրականացած» այս ոճը կը շարունակուէր նաեւ Պաշշար Ասատի օրերուն, երբ նոյն կերպ հայութիւնը կ՚ապրէր երկու իրականութիւններու միջեւ։ Իրականութիւն մը, որ կը խօսէր «հարուստներու լեզու»ն եւ միւս իրականութիւնը, որ ամէնօրեայ մաքառումի մէջ էր աւուր հացը ճարելու համար։

Անշուշտ այս խօսքերը շատ ալ դրական կերպով պիտի չընկալուին մեծ թիւով Սուրիահայերու կողմէ, որոնց համար Ասատի վարչակարգը, իր հիմնումի առաջին իսկ օրէն եղած է Սուրիական հայրենիքի փրկիչն ու ազատարարը։ Այս վարկածը հաստատելու համար հալէպահայերէն շատեր այսօր ալ կը շարունակեն հնչեցնել իրենց «պատմական ասոյթ»ները, ըստ որոնց Հայր Ասատ երկիրը «ազատեց» յաճախակիօրէն կրկնուող յեղաշրջումներէն, իսկ որդի Ասատը եկաւ իր հօր «աւանդ»ը պահպանելով հանդերձ վերանորոգել երկրի հինցած համակարգը։

Անշուշտ այս բոլորի զուգահեռ լսելի կը դառնար ու դեռ ալ պիտի դառն այ, որ եղածը «Միջազգային դաւադրութիւն» մըն, որուն հիմնական «Պապաներ»ը Իսրայէլը, Քաթարն ու Թուրքիան են եւ աւելի ծիծաղելին, որ իրենք «շատ բացառիկ կեանք կը վարէին, մինչեւ թուականի կէսերը, այլ խօսքով մինչեւ Սուրիոյ մէջ բողոքի քաղաքացիական շարժումներու նախասկիզբը...։

Այստեղ անշուշտ շատ լուրջ թերացում մը կայ, որ կը խօսի քաղաքացիական կեցուածքի իրական թողլքումի, բռնատէրներուն հանդէպ ցոյց տրուած «երախտիք»ի ու մանաւանդ հնազանդութեան մասին, որ նոյնքան վիրաւորական է, բոլոր անոնց համար, որ Սուրիոյ մէջ յանուն իշխանափոխութեան փողոց իջան ու մահը իրենց աչքերուն առնելով պայքարեցան, որպէսզի Ասատ տապալի ու իրենք կարողանան կերտել նոր եւ սպասուած Սուրիա մը...։

Որդեգրուած ձեւը այս էր, ու այսօր երբ մեծ փոփոխութիւններու իրական հուն մը բացուած նոյն հայութիւնը, կամ հայութեան կարեւոր մէկ մասնիկը, ոչ միայն վախով կը հետեւի զարգացումներուն, այլ խորքային մակարդակով առնուազն «ուրախ» չէ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած տարերային ու անսպասելի զարգացումներով։

Ճիշդ է՞ արդեօք, որ հայութիւնը այսպէս ապրէր, այսպէս շարժէր, կամ այսպիսի գնահատականներ տար երկրի մը մէջ, որուն հիմնական հիւսկէնը կը համարէ ինքզինք։

Կամ ճիշդ էր, որ հայութեան կարեւոր մէկ տոկոսը թողնէր ու հեռանար իր այնքան սիրած ու փայփած քաղաքներէն ու շէներէն, դրօշակ դարձնելով «հանգիստ կեանք մըն է մեր փնտռածը, եւ ի վերջոյ քանի անգամ պիտի ապրինք» յանկերգը։ 

Պատասխան մը չունիմ այս մօտեցումներուն, սակայն տխուր շեշտերով կը դիմաւորեմ վաչկատուն ցեղերուն յատուկ այս վարքը, որուն պատճառով ալ Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութները դատարկուեցան ու դեռ ալ պիտի դատարկուին, ու անոնց փոխարէն Գանատայի եւ Ամերիկայի գաղութները «հարստացան» ու աւելիով պիտի հարստանան։

Անշուշտ Սուրիոյ մէջ կատարուած դէպքերը , սարսափելի պատերազմը, անասելի տագնապները շատ տարբեր էին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած «Քաղաքացիական պատերազմ»ի ընթացքներէն, ուր հայութիւնը կարողացաւ «դրական չէզոքութեան» դիրքը բռնելով պահել ու պահպանել իր գոյութիւնը, հայկական շրջաններուն մէջ ալ կերտելով «անվտանգութեան յատուկ գօտիներ»։

Նոյնը չեղաւ Սուրիոյ պարագային, որովհետեւ Սուրիական խնդիրը շատ աւելի խճճուած էր եւ ապա սուրիահայութիւնը հաւատաց , որ Ասատի բռնատիրութիւնը յաւիտենական է, հետեւաբար պէտք էր ամէն ինչ ընե, որ այդ իշխանութիւնները յարատեւէին։

Այստեղ անշուշտ շատ մեծ բացթողումներ գործեց հայութիւնը, ոչ միայն սուրիահայութիւնը, այլ ամբողջ հայութիւնը, որ խոորքային ընթերցում մը չկատարեց եղած խնդիրներուն ու նաեւ գերագնահատեց Ռուսասատանի եւ Իրանի դերն ու նեցուկը, որոնք մէկ գիշերուայ մէջ «ծախեցին» Ասատն ու անոր վարչակարգը...։

Այսօր բնականաբար նոր օր է Սուրիոյ մէջ ու կարեւորը դարձեալ հայութեան ճիշդ եւ անթերի տեսակէտ մը ունենալն է։ Տեսակէտ, որուն մէջ յարգուած պէտք է ըլլան Հալէպի, Դամասկոսի եւ այլ քաղաքներու հայական օճախներուն ու անհատներու որոշումը, որուն հիմքով ալ կարելի պիտի ըլլայ առանց աղմուկ բարձրաձնելու կատարելն պարտն ու պատշաճը։

Հայաստանի համար ալ մեծ առումով քաղաքական արեւելումէ, կամ համայնքային ներկայութիւնէ անդին կարեւոր իմաստ ունի սուրիահայութեան ներկայութիւնը այդ ափերուն, բաց այդ մօտեցումը կրնայ շատ արագ հալիլ Սուրիոյ մէջ հոսող նոր ջուրերուն մէջ, եթէ համալրուած չըլլայ իրական գործերով։ 

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...