image

Սարսափելի դէպք Հայաստանի մէջ. Յղիութիւնը ընդհատել փորձած կինը, մահացած ծնած երեխան նետած է արտաքնոցը

  Սարսափելի դէպք Հայաստանի մէջ. Յղիութիւնը ընդհատել փորձած կինը, մահացած ծնած երեխան նետած է արտաքնոցը

 Դատապարտելէ անդին այլ բառեր չենք գտներ նկարագրելու համար մարդկային այս ծանր ողբերգութիւնը եւ տխուրը. հարկաւ այն է, որ այս կը կատարուի մեր պաշտելի հայրենիքին մէջ։

 

 Երէկուընէ ի վեր հայրենի լրահոսով տարածուած տեղեկութիւնը կ՚արժանանայ մեծ դժգոհութեան։

 

Մանրամասնութիւններուն մէջ կը նշուի, որ իր յղիութիւնը (յղութեան վերջին շաբաթները եղած են) արհեստականօրէն ընդհատել փորձած կինը  (ան ուղղակի. 

 դեղահապեր 

 կլլած է) նորածին ու մահացած ծնած աղջիկ զաւակը փաթթած է «ճինզ»ի մը մէջ ու զայն նետած է արտաքնոցը։

Կը նշուի նաեւ, որ դէպքը տեղի ունեցած է Արմաւիրի մարզին մէջ եւ շրջանի ոստիկանութիւնը արդէն իսկ քննութիւն բացած է եղածին վերաբերեալ։

 Դատապարտելէ անդին այլ բառեր չենք գտներ նկարագրելու համար մարդկային այս ծանր ողբերգութիւնը եւ տխուրը. հարկաւ այն է, որ այս կը կատարուի մեր պաշտելի հայրենիքին մէջ։