image

Փարիզի մէջ. Կը շարունակուի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգումը

Փարիզի մէջ. Կը շարունակուի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգումը

Փա­րիզի մէջ 17-րդ դա­րուն կա­ռու­ցուած Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգումը շարունակելու համար Փարիզի քա­ղաքա­պետա­րանին մէջ մե­կենա­սու­թեան յու­շա­գիրը ստո­րագ­րուած է։

Վրանո­րոգ­ման երկրորդ փուլի համար նա­խատե­սուած է 700.000 եւ­րո­յի ծախս, որուն հա­մար Փա­րիզի քա­ղաքա­պետա­րանը իր պատ­րաստա­կամու­թիւնը յայտնած է իր լու­ման բե­րելու, ինչպէս նաեւ  Ֆրան­սա­յի հայ կա­թոլիկ եկե­ղեց­ւոյ առաջ­նորդու­թեան կող­մէ՝ բա­րերար Արա Ահա­րոնեան 525.000 եւ­րո­յի չա­փով։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Հայ կա­թոլիկ­նե­րու Փա­րիզի Ս. Խաչ աթո­ռանիստ եկե­ղեցին 2018-19-ին հիմ­նա­կան նո­րոգու­թիւննե­րէ ետք՝ իր «երի­տասար­դութեան» փայլքը վե­րագտնե­լու հու­նին մէջ մտած է, վերանորոգման առա­ջին փու­լը աւար­տած ըլ­լա­լով։ Ըն­դա­մէնը երեք փու­լեր նա­խատե­սուած են։ Առա­ջին փու­լի նո­րոգու­թիւննե­րը արժած էին 1,8 մի­լիոն եւրօ, որուն 620.000 եւ­րո­յի բա­ժինը ստանձնած էր Ֆրան­սա­յի հայ կա­թոլիկ եկե­ղեց­ւոյ առաջ­նորդու­թեան կող­մէ՝ բա­րերար Արա Ահա­րոնեան, մնա­ցեալ մասն ալ հո­գացած էր Փա­րիզի քա­ղաքա­պետա­րանը, որուն հա­մար կող­մե­րը ստո­րագ­րած էին Բա­րերա­րու­թեան պայ­մա­նագիր մը, 2016 Յու­լիսին։ 17-րդ դա­րուն կա­ռու­ցուած տա­ճարը սա­կայն դեռ կա­րեւոր նո­րոգու­թիւննե­րու կա­րիքն ու­նի։ «Վե­րանո­րոգ­ման երկրորդ փուլ»-ը կը վե­րաբե­րի եկե­ղեցւոյ մէջ գտնուող երեք մա­տուռնե­րուն՝ Ս. Անա­րատ Յղու­թեան, Ս. Փրան­կիսկո­սին եւ Ս. Թե­րեզին։ Նա­խատե­սուած է 700.000 եւ­րո­յի ծախս, որուն հա­մար Փա­րիզի քա­ղաքա­պետա­րանը դար­ձեալ իր պատ­րաստա­կամու­թիւնը յայտնած է իր լու­ման բե­րելու, ինչպէս նաեւ Պրն Ահա­րոնեան 525.000 եւ­րո­յի չա­փով։ Սոյն վերանորոգումներու մե­կենա­սու­թեան յու­շա­գիրը ստո­րագ­րուեցաւ Ուրբաթ, Դեկ­տեմբեր 6-ի յետ­մի­ջօրէին Փա­րիզի քա­ղաքա­պետա­րանին մէջ։

Ս. Խաչ եկեղեցւոյ գլխաւոր ճակատը

Ստո­րագրման արա­րողու­թեան ներ­կայ էին բնա­կանա­բար՝ Փա­րիզի քա­ղաքա­պետու­հի Անն Հի­տալ­կօ, Արա Ահա­րոնեան, ինչպէս նաեւ Ֆրան­սա­յի հայ կա­թոլիկ հա­մայնքի առաջ­նորդ Եղիա եպիսկ. Եղիայեան, Ֆրան­սա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պան Ար­ման Խա­չատ­րեան, Ֆրան­սա­յի հա­յոց թե­մի առաջ­նորդ Գրի­գոր եպիսկ. Խա­չատ­րեան, հայ աւե­տարա­նական հա­մայնքի ներ­կա­յացու­ցիչ վեր. Ժիլ­պէր Լե­ւոնեան, Ար­ցա­խի մնա­յուն ներ­կա­յացու­ցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Ֆրանսայի «Հա­յաս­տան» հիմ­նադրա­մի նա­խագահ Պետ­րոս Թեր­զեան եւ հայ հա­մայնքի այլ պա­տաս­խա­նատու­ներ, գոր­ծիչներ, շուրջ 40 հո­գի։ 

Բաց­ման խօս­քը ար­տա­սանեց քա­ղաքա­պետու­հին, որ վեր առ­նե­լէ ետք հայ հա­մայնքին տեղն ու դե­րը մայ­րա­քաղա­քիս կեան­քին մէջ, նշեց թէ քա­ղաքա­պետա­րանի պար­տա­կանու­թիւնն է կան­գուն պա­հել, պահ­պա­նել քա­ղա­քի մշա­­կու­­թա­­­յին ու կրօ­­նական մա՛նա­­ւանդ պատ­­մա­­­կան կա­­ռոյցնե­­րը, որոնց մաս կը կազ­­մէ բնա­­կանա­­բար Սուրբ Խաչ եկե­­ղեցին ալ։ Ան յատ­­կա­­­պէս շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց իր կցորդնե­րէն՝ տի­կին Քա­րէն Թա­յէպին՝ Ժա­ռան­գութեան պահ­պա­նու­թեան, Փա­րիզի պատ­մութեան եւ կրօն­նե­րու հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նատո­ւին, որ կա­րեւոր ներդրում ու­նե­ցած է այս ծրագ­րի իրա­գործման մէջ, ինչպէս նաեւ քա­ղաքա­պետա­րանի խորհրդա­կան Անոյշ Թո­րանեանին, որու դե­րակա­տարու­թիւնը նոյնպէս անու­րա­նալի եղած է։ 

Քա­ղաքա­պետու­հիին յա­ջոր­դեց Ֆրան­սա­յի հայ կա­թոլիկ եկե­ղեցին ներ­կա­յաց­նող, բա­րերար Արա Ահա­րոնեան, որ իր խօս­քի առանցքին դրաւ «տուր՝ որ ստա­նաս» կար­գա­խօսը, յատ­կա­պէս յի­շելով՝ ներ­կա­յի դժուար ժա­մանա­կաշրջա­նին Արե­ւել­քի մէջ դժբախ­տա­բար հետզհե­տէ ստուարա­ցող՝ տու­ժող քրիս­տո­նեայ բնակ­չութիւննե­րը, որոնք օգ­նութեան կա­րիքն ու­նին։ 

Կա­րեւոր է նաեւ յի­շել, որ եր­կու կող­մե­րու հա­սարա­կաց կամքն է Սուրբ Խաչ եկե­ղեցին դարձնել արուես­տի ու երաժշտու­թեան տա­րած­ման վայր մը։ 

Այ­նուհե­տեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ Փա­րիզի քա­ղաքա­պետա­րանի մե­կենա­սու­թիւնը ամ­րագրող յու­շագրի ստո­րագութեան արա­րողու­թիւնը։ Փաս­տա­թուղթը ստո­րագ­րե­ցին քա­ղաքա­պետու­հի Անն Հի­տալ­կօ եւ Ֆրան­սա­յի հայ կա­թոլիկ եկե­ղեց­ւոյ կող­մէ Արա Ահա­րոնեան։ 

Ջերմ ըն­դունե­լու­թեամբ մը վերջ գտաւ արա­րողու­թիւնը։ 

 

Սուրբ Խաչ տա­ճարը 

Ֆրան­սահայ կա­թոլիկ հա­մայն­քի Ս. Խաչ տա­ճարը կը գտնուի Փա­րիզի 4-րդ  թա­ղա­մա­սի սրտին վրայ եւ կը հան­դի­սանայ անոր ճար­տա­րապե­տական գո­հար­նե­րէն մէկը։ Նշա­նաւոր է տա­ճարին եր­գե­հոնը, զոր կա­ռու­ցած է Գա­վայիէ-Գոլ (Cavaillé-Coll) 1855 թուակա­նին, Փա­րիզի առա­ջին­նե­րէն մէ­կը, որուն վրայ հան­դի­սաւոր արա­րողու­թիւններ կա­տարած են յայտնի երա­ժիշտ­ներ, ինչպէս՝ Սե­զար Ֆրան­ք, Ժիւլ Մա­սընէ եւ Լէօ Տըլիպ։ Եկե­ղեցին ու­նի նաեւ եր­կու շատ ծանօթ ար­ձաններ դպրաց դա­սու մուտքին մօտ՝ Սուրբ Փրան­կիսկոս Աս­իզացիի (Saint François d’Assise) սքանչացումը, գոր­ծ՝ Ժեր­մէն Փի­լոնի, որ Վե­րած­նունդի ֆրան­սա­ցի ամե­նամեծ քան­դա­կագործնե­րէն մէկն էր եւ Սէն-Տը­նին, քան­դա­կուած՝ Մար­սի եղ­բայրնե­րուն կող­մէ։ Եկե­ղեցին ու­նի նաեւ ծանօթ բազմաթիւ  գե­ղա­ն­կարներ՝ կրօ­նա­կան բնա­բանով, որոնց այ­ցե­լու­թեան կու գան քրիս­տո­նէական արուես­տի հե­տեւորդնե­րու խումբեր։

Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նշանաւոր երգեհոնը

Հոս աւելցնենք նա­եւ որ եկե­ղեց­ւոյ եր­գե­հոնին եւ հան­դի­սու­թիւննե­րու սրա­հին վե­րա­նո­րոգու­մը կը մնայ եր­րորդ փու­լին։ Ծախ­սե­րու ընդ­հա­նուր գու­մա­րը կը գնա­հա­տո­ւի 600.000 եւրօ։