image

Ռուսաց լեզուի պահպանումը Հայաստանի մէջ չափազանց կարեւոր է. Քոփիրքին

Ռուսաց լեզուի պահպանումը Հայաստանի մէջ չափազանց կարեւոր է. Քոփիրքին

Ռուսաց լեզուի պահպանումը Հայաստանի մէջ եւ աւանդոյթներու փոխանցումը նոր սերունդներուն ունի գերակայ նշանակութիւն, յայտարարած է Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը Երեւանի Ռուսական տան մէջ Ուսուցիչի օրուան նուիրուած համերգի ժամանակ:

«Լեզուն քաղաքակրթութեան հիմքն է։ Ռուսաց լեզուի պահպանումը Հայաստանի մէջ շատ կարեւոր է։ Ռուսիան մեծ նշանակութիւն կու տայ ձեր աշխատանքին», - նշած է դեսպանը։

«Ռոսսոթրուտնիչեսթվո»-ի Հայաստանի գրասենեակի ղեկավար Վատիմ Ֆեֆիլովը ընդգծած է ուսուցիչներու ներդրումը ռուսաց լեզուի զարգացման գործին մէջ՝ նշելով, որ ռուսերէն միշտ կը խօսին Երեւանի եւ Հայաստանի միւս քաղաքներու մէջ։