image

Տեղի ունեցաւ ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի տօնական օրերու Նախաճաշը

Տեղի ունեցաւ ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի տօնական օրերու Նախաճաշը

Տօնական օրերուն նուիրուած ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղին կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցած է օրերս, Պըրպենքի Հայ կեդրոնին մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

Տօնական օրերուն նուիրուած ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղին կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 7 Դեկտեմբերին, Պըրպենքի Հայ կեդրոնին մէջ, որուն ներկայ էին մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի ընկերներ եւ ընկերուհիներ ու հիւրեր:

Մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելէ ետք յիշատակը 1988ի Հայաստանի երկրաշարժի զոհերուն, ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ բարի գալուստի խօսքով, ապա հիւրերը ճաշակեցին համեղ ուտելիքի զանազան տեսակներ, որմէ ետք Կաղանդ պապան եւ մաման բոլորին չիր ու չամիչ բաժնեցին:

Հիւրերէն Ասիա Թոմոյեան, խօսք առնելով՝ պատմեց, թէ ինչպէս 1990ականներուն, հայրենիքի մութ եւ դաժան տարիներուն, ՀՕՄը ինչպէս իր օժանդակութեան ձեռքը երկարեց իր ընտանիքին, եւ ան 30 առաւել տարիներ ետք, առիթը օգտագործելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄին եւ անոր տարած մարդասիրական աշխատանքներուն, յաջողութիւն մաղթելով անոր հետագայ բոլոր ծրագիրներուն։