image
Հրատապ լուրեր:

Turkish Airlines-ը 11 մարտ 2026-էն ուղիղ թռիչքներ պիտի կատարէ Հայաստան

Turkish Airlines-ը 11 մարտ 2026-էն ուղիղ թռիչքներ պիտի կատարէ Հայաստան

Մարտէն սկսեալ՝ «Turkish Airlines» օդանաւային ընկերութինը պիտի սկսի ուղիղ թռիչքներ կատարել դէպի Երեւան: Այդ մասին յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները։

Չուերթները պիտի կատարուին շաբթական եօթ անգամ՝ սկսած 2026 թուականի մարտ 11-էն։ 

11 մայիս 2026-էն սկսեալ՝ Իսթանպուլ-Երեւան չուերթներու շաբաթական յաճախականութիւնը պիտի հասնի 10-ի։ Արդէն 15 յունիսէն սկսեալ՝ չուերթները պիտի կատարուին շաբաթական 14 անգամ։

Անդրադառնալով Իսթանպուլ-Երեւան-Իսթանպուլ չուերթին` Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչը ընկերային ցանցի իր էջին գրած է.

«Եւս մէկ քայլ առաջ. Turkish Airlines օդանաւային ընկերութիւնը 11 մարտ 2026-էն թռիչքներ պիտի իրականացնէ Իսթանպուլ-Երեւան-Իսթանպուլ ուղղութեամբ»։