ԺԱՄԱՆԱԿ-հարցումներուն կը պատասխանէ Սուրիոյ մայրաքաղաք՝ Դամասկոսի մերձ գտնուող «Ժարամանա» շրջանի բնակիչ, դեղագործ՝ Կարպիս Գարակէօզեան:
Սուրիոյ մասին տարբեր առիթներով գրած եմ։ Սկսած պատերազմի կէսերէն, երբ գլուխ սկսաւ ցցել «Տահէշ» ահաբեկչական միաւորը եւ մինչեւ Սուրիոյ նախագահ իշխանազրկումն ու հեռանալը դէպի՝ Ռուսաստան։
Այդ երկրի տարբեր փուլերը լոյսին բերել փորձող նիւթերուս մէջ «կարմիր գիծ»ով կ՚անցնի հայութեան օրակարգը։
Խորքային ներկայութիւն ունեցած է հայութիւնը Սուրիոյ մէջ եւ տարբեր առումներով ալ այդ երկիրը դարձած է հայ ժողովուրդի նոր ծննդոցի իսկական արգանդը։
Ոչ միայն ընկերային, տնտեսական ու մշակութային ներկայութեան առընթեր սուրիահայութիւնը յաջողած է հիմնադրել այնպիսի կայուն եւ ամուր կառոյցներ, որոնք եղած են սփիւռքի մարդուժի իսկական աղբիւրը։
Այս բոլորէն անդին սակայն, ոչ ոք մտածած է, որ Սուրիան պիտի բռնուի այնպիսի «հիւանդութեամբ» (խօսքը՝ պատերազմին մասին է անշուշտ), որուն հետեւանքով ալ հազարաւոր հայորդիներ ստիպուած պիտի ըլլայ լքել իրենց բնօրաննը եւ հաստատուիլ ամենահեռաւոր ափեր ու երկիրներ։ Արիւնալի պատերազմը այսօր մեր ետին է, սակայն Սուրիան տակաւին հեռու է ամբողջական կայունացումէն։
Ճիշդ է, որ հայութեան որոշ մաս մը տակաւին կը շարունակէ ապրիլ այդ երկրին մէջ, բայց եւ այնպէս բոլորին համար պարզ ու յսատկ է, որ բոլոր առումներով սուրիահայութեան «ոսկեդարու» փուլը այլեւս կը պատկանի անցեալին։
Ի դէպ Սուրիոյ մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող դէպքերը նոյնպէս արժանի են ուշադրութեան։ Երկիրը նոր սկսած է շունչ քաշել, կան բազմապիսի հիմնախնդիրներ, բայց եւ այնպէս այդ բոլորէն անդին Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն եւ յատկապէս նախագահ Ահմատ Շարըհին ցոյց տրուած նեցուկը որոշակիօրէն յուսադրիչ է։
Կարեւորագոյն զարգացումներուն ետեւէն երթալու ու նաեւ այդ գծով հայութեան առաջ ցցուած մարտահրաւէրները դիտարկելու նպատակով օրերս հեռավար կապով հարցազրոյց մը ունեցայ Դամասկոսի մերձ գտնուող «Ժարամանա» շրջանի մեր հայրենակիցներէն՝ Տիար Կարպիս Գարակէօզեանին հետ:
Հարկ է նշել նաեւ, որ Դամասկամերձ հանդիսացող «Ժարամանա» շրջանը կը համարուի Սուրիոյ Տիւրզիներու (Դրուզներ) կարեւորագոյն շրջաններէն մին, ուր վերջին ամիսներուն երեւելի դարձան որոշակի լարումներ մէկ կողմէ տեղի Տիւրզի զինեալ խմբաւորումներուն, եւ միւս կողմէ Սուրիոյ բանակի տարբեր ջոկատներուն միջեւ։
Լարումը այո որոշակիօրէն մեղմացաւ, բայց եւ այնպէս ինչպէս վերը նշեցի, Սուրիան եւ անոր մեծ քաղաքները՝ Դամասկոս,Հալէպ, ծովեզերեայ կարգ մը շրջաններ, տակաւին հեռու են ամբողջական կայունացման փուլէն...։
Ստորեւ այդ հարցազրոյցը։
- «Ժարամանա»ի մէջ տեղի ունեցած բախումներէն ետք, ինչպիսին է իրավիճակը այսօր։
«Ժարամանա»ի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը պատկանի տիւրզի համայնքին: Ինչպէս այլ շրջաններու պարագային, այստեղ եւս կանխարգիլելու որեւէ խնդիր, տիւրզիներու երիտասարդութիւնը զինուած է: Անցեալները եղան հարցեր, որոնց տարաձայնութիւնը մեծ էր, որովհետեւ ընկերային հարթակները դեր խաղցան այդ հարցերը մեծցնելու մէջ: Շատեր վախցան ու դէպի Դամասկոս մեկնեցան...։ Հարցը քանի մը օրուան մէջ լուծուեցաւ եւ հիմա վիճակը բնականոն է, շուկաները բաց են, եռուզեր է, երթեւեկութիւնը խճողուած, հայկական մեր Միացեալ վարժարանը բաց:
Տիւրզի համայնքը համաձայնութիւն կնքեց ներկայ կառավարութեան հետ, որ բանակ ուղարկեց ու տեղակայեց հոս:
- Բաւական հայ կա՞յ «Ժարամանա»ի մէջ: Ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք համայնքէն:
Կ'ենթադրեմ շուրջ 1000-2000 հայ կայ: Աւելի մեծ թիւով քրիստոնեաներ կան:
Դամասկոսի հայկական եկեղեցիէն մինչեւ «Ժարամանա» քալելով կէս ժամ է, եւ եթէ պէտք ըլլայ շուտով կը հասնին:
Մենք մասնաւոր հարցեր չունինք: Ես իմ տիւրզի ընկերներէս կը հասկնամ վիճակը եւ եթէ վտանգաւոր ու իրաւ լուրջ հարց մը կայ, լուրը կը տարածենք մեր շրջապատին մէջ: Հեռաձայններով միշտ կապի մէջ ենք:
- Տրամադրութիւնները ի՞նչ են այս նոր իշխանութիւններուն հանդէպ:
Շատեր լաւատես են, իսկ ուրիշներ կը վախնան եւ բոլոր փոքրամասնութիւններուն պէս մտահոգ են: Նոր իշխանութիւնները միշտ յոյս տալով կը խօսին, որ հարց չունին փոքրամասնութիւններուն հետ: Օրինակ օրերս պասքեթպոլի ֆետերասիոնը կազմուեցաւ եւ տնօրէնը հալէպահայ է, հայերու հանդէպ վստահութիւնը մեծ է։ Իշխանութիւնները քանի մը տեսակցութիւններ ունեցան թէ՛ Բերիոյ թեմի առաջնորդին հետ եւ ալ Դամասկոսի առաջնորդին հետ: Իրենք աշխարհին կուզեն ցոյց կու տալ, որ քրիստոնեաներուն հետ հարց չունին:
-Հայութեան մօտ գաղթելու տրամադրութիւններ կան:
Ոչ բնաւ, այդպիսի տրամադրութիւն ներկայիս չկայ, ընդհակառակը մարդիկ իրենց սովորական գործը ետին են։ Ես օրինակ դեղագործ եմ, ամէն օր իմ դեղարանս կը յաճախեմ, եւ չեմ մտածեր դուրս ելլելու մասին, նմանապէս իմ շրջանակի ընկերներս: Հոս ի վերջոյ մեր ծննդավայրն է եւ վարժ ենք այս երկրին: Հայկական 4 դպրոց ունինք, աշակերտութիւն կայ, ակումբներ ունինք: Բայց անշուշտ չի բացառուիր, որ որոշ հայրենակիցներ փափաքին հեռանալ եւ ուրախալի է ըսել, որ շատեր դէպի Հայաստան գաղթեցին։
- Տիւրզի համայնքի վերաբերմունքը ինչպէս է հայերուն նկատմամբ:
Հայերը սիրուած են տիւրզիներէն, անոնք կը յարգեն մեզ: Դամասկոսի առաջնորդ Տ. Արմաշ սրբազան հանդիպումներ ունեցաւ այստեղի տիւրզիներու գլխաւոր շէյխին (հոգեւոր առաջնորդ) հետ: Տիւրզերները ընդհանրապէս կը յարգեն քրիստոնեաները, եւ մեզի ալ այդ աչքով կը նային, մանաւանդ որ կը բացատրենք, որ մենք նաեւ հայ ենք, բայց իրենցմէ շատեր չեն ըմբռներ այդ, ուրիշներ կ'ըսեն դուք ալ մեզի պէս փոքրամասնութիւն էք: Իրենց համայնքին մէջ ծայրայեղութիւններ չունին, հագուածքի կողմէ կիները գլխաշոր չեն օգտագործեր, երկսեռ միջավայրի մէջ կը հաւաքուին, այդ առումով ազատամիտ են:
-Ինչ կրնաք ըսել Սուրիոյ ապագային մասին:
Բոլորս ալ ըլլայ Սուրիոյ մէջ կամ դուրս այլեւս նոյն լուրերը կը լսենք, եւ իւրաքանչիւրը իր ակնոցով կը վերլուծէ: Միջին Արեւելքը վտանգաւոր տարածաշրջան եղած է: Մեր նոր նախագահի վերջին այցը Ֆրանսա, նաեւ Թրամփի այցը Սէուտական Արաբիա, իմ կարծիքով լաւատեսութիւն կը ներշնչեն, կարծես Արեւմուտքը կը վստահի նոր կառավարութեան, եւ ըստ երեւոյթին միակողմանի փոխզիջումներ պիտի ըլլան:
Հակառակ ահռելի սղութեան շուկան ազատ է եւ ամէն տեսակի ապրանք կայ, ինչ որ լաւ նշաններ են:
Միակ հարցը իրենց ծայրայեղական ըլլալն է, բայց նկատելի է, որ միջազգայնօրէն կ'ընդունուի նախագահը, եւ այդ լաւ բան կը յուշէ: Մեր երկիրը հարուստ է նաւթով, հանքերով եւ դուրսի երկիրներն անշուշտ իրենց շահերը կը փնտռեն:
- Ի՞նչ կը պատասխանէք այն մարդոց, որոնք կ'ըսեն թէ «Սուրիան Թուրքիա դարձաւ»: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այդ առումով:
Ստեղծուած իրավիճակներուն առընթեր ստիպուած պիտի ըլլանք համակերպիլ։ Թուրքիան գերպետութիւն է եւ Սուրիոյ ներկայ կառավարութեան գլխաւոր դէմքերը թրքական աջակցութեամբ իշխանութեան հասան։
Մենք Դամասկոսի մէջ տակաւին թրքական ազդեցութիւն չտեսանք: Առաջին օրերուն շուկան ողողուեցաւ աժան ու անորակ թրքական ուտեստով ու ապրանքներով, ժողովուրդին մօտ տպաւորութիւն ստեղծուեցաւ, որ անվստահելի ապրանք է, եւ մենք այդ պատճառաբանելով կը խուսափինք առուծախէ: Թուրքիան ի՛ր շահերը կը հետապնդէ եւ սուրիացիներէն պիտի շահի եւ շուկայ բանայ իր վաճառականներուն:
Սագօ Արեան