image

Իրաքեան Քիւրտիստան. Դպրութեան աստիճանի տուչութիւն՝ Աւզրուկ Գիւղի Սուրբ Վարդան Եկեղեցւոյ մէջ

Իրաքեան Քիւրտիստան. Դպրութեան աստիճանի տուչութիւն՝ Աւզրուկ Գիւղի Սուրբ Վարդան Եկեղեցւոյ մէջ

Օրերս, Իրաքի Աւզրուկ գիւղի Սուրբ Վարդան Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ժամերգութեան աւարտին վեց պատանիներ, ձեռամբ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Տ․ Օշական եպս․ Կիւլկիւլեանի, ստացած են դպրութեան չորս աստիճաններ։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հակիրճ հաղորդագրութիւնը՝

Հանդիսապետութեամբ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Օշական եպս․ Կիւլկիւլեանի, Շաբաթ օր, 29 Նոյեմբեր 2025-ին, Աւզրուկ Գիւղի Սուրբ Վարդան Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որուն կը  մասնակցէին նաև Տ. Արթուն քհնյ.  Խալաթեանը, Տ. Մասիս Քհնյ․ Շահինեանը, Տ․ Յակոբուս Քհնյ․ Իսահակեանը,  Տ․ Սեպուհ Քհնյ․ Պաղտասարեանը և Տ․ Առէն Քհնյ Մարտիրոսեանը։ Աւարտին վեցը պատանիներ, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր  ստացան  դպրութեան չորս աստիճաններ վկայականներով օժտուած։ Այս արարողութեան մասնակցեցան Աւզրուկի, Տըհօքի , Հաւրէզի և Զախոյի եկեղեցիներու Թաղական խորհուրդի  ատենապետներն ու անդամները։