image

«Համաս»-ի պատասխանը Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի ծրագրին կառուցողական եւ նշանակալի քայլ է. Էրտողան

«Համաս»-ի պատասխանը Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի ծրագրին կառուցողական եւ նշանակալի քայլ է. Էրտողան

«Համաս»-ի պատասխանը Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի ծրագրին կառուցողական եւ նշանակալի քայլ է կայուն խաղաղութեան հասնելու ճանապարհին՝ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը։ Ռեճէպ Էրտողանի խօսքով՝ Իսրայէլ պէտք է անյապաղ դադրեցնէ բոլոր յարձակումները եւ պահպանէ հրադադարի ծրագիրը։ 

«Պէտք է անյապաղ ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները Կազա մարդասիրական օգնութեան մատակարարումն ապահովելու եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար»,- յայտարարած  Էրտողան։

 Աւելի վաղ պաղեստինեան «Համաս» շարժումը համաձայնած էր ընդունիլ Միացեալ նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջարկը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ։ Որոշումը ողջունած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն։

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներն ալ, վկայակոչելով իրենց աղբիւրները, նշած են, որ Եգիպտոսի մէջ կը նախատեսուին բանակցութիւններ Իսրայէլի ու «Համաս»-ի պատուիրակութիւններուն միջեւ։ Նշուած է, որ հանդիպման պիտի մասնակցի նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւըն Ուիթքոֆ։