Կառավարութիւնը վաւերացուցած է Թրամփի «Խաղաղութեան խորհուրդ»-ի կանոնադրութիւնը եւ զայն ուղարկած է Սահմանադրական դատարան։
Եթէ Սահմանադրական դատարանը կանոնադրութեամբ ամրագրուած պարտաւորութիւնները ՀՀ սահմանադրութեան համապատասխան նկատէ, օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը պիտի ներկայացուի ՀՀ Ազգային ժողովին։
Հիմնաւորման համաձայն՝ ՀՀ ֆինանսներու նախարարութիւնը յայտնած է, որ «Խաղաղութեան խորհուրդ»-ի կանոնադրութեամբ առկայ են Հայաստանի Հանրապետութեան համար ֆինանսական պարտաւորութիւններ նախատեսող դրոյթներ՝ պետական պիւտճէի ծախսերու աւելացման գծով։