image

ՀՀ վարչապետը տեղեկացուցած է, որ ինչ հարցեր քուէարկութեան պիտի դրուի ՔՊ-ի արտահերթ համաժողովի ընթացքին

ՀՀ վարչապետը տեղեկացուցած է, որ ինչ հարցեր քուէարկութեան պիտի դրուի ՔՊ-ի արտահերթ համաժողովի ընթացքին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը դիմատետրի իր էջին կատարած գրառման միջոցով տեղեկացուցած է, թէ ինչ հարցեր քուէարկութեան պիտի դրուի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան 8–րդ արտահերթ համաժողովի ընթացքին։

«Այսօրուայ մեր լիագումար նիստին բաց քուէարկութեան են դրուելու հետեւեալ հարցերը․

  • Հաստատել եւ ՀՀ Ազգային ժողովի 2026 թուականի յունիսի 7-ի ընտրութիւններին առաջադրել Կուսակցութեան ընտրական ցուցակը՝ համաձայն Յաւելուած N 1-ի (ցուցակում թեկնածուների դասաւորութիւնը որոշուել է փակ, գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքներով։ Քուէարկութեան արդիւնքները հրապարակուած են, իսկ Յաւելուած 1–ի, այսինքն՝ ընտրական ցուցակի նախագիծը, տեղադրուած է Կուսակցութեան պաշտօնական կայքում, «Նորութիւններ» բաժնում)։
  • Որպէս Կուսակցութեան ՀՀ Վարչապետի թեկնածու հաստատել Վարչութեան նախագահ Նիկոլ Փաշինեանին (թեկնածունն ընտրուել է փակ, գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքներով․ քուէարկութեան արդիւնքները հրապարակուած են)։
  • Հաստատել ՀՀ Ազգային ժողովի 2026թ․ ընտրութիւններում Կուսակցութեան Նախընտրական ծրագիրը՝ համաձայն Յաւելուած N 2-ի (նախագիծն ընդունուել է Վարչութեան որոշմամբ եւ տեղադրուած է Կուսակցութեան պաշտոնական կայքում, «Նորութիւններ» բաժնում)»,– գրած է ՀՀ վարչապետը։

Նոյն գրառման մէջ նաեւ ընդգծուած է, որ լիագումար նիստի սկիզբը բաց քուէարկութեամբ պիտի ընտրուին Համաժողովի նախագահողը եւ քարտուղարները։ Վարչութիւնը առաջարկած է համապատասխանաբար Վարչութեան նախագահի եւ տեղակալներու թեկնածութիւնները։