Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի նշանակուեցաւ Թալին Նայիր։ Նշանակումը եղած էր բազմավաստակ ու փորձառու կրթական մշակ Եղիսաբէթ Չաթանասլանի այդ պաշտօնէն հանգստեան կոչուելէն ետք:
Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ու Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սեւան Կիւրիւն խորհրդակցաբար որոշած են իրեն յաջորդ նշանակել Թալին Նայիրը, որ շուրջ տասնհինգ տարիէ ի վեր համայնքային զանազան վարժարաններէն ներս ստանձնած է բազմաբնոյթ պաշտօններ։
Թալին Նայիր իր ուսումը ստացած է Կէտիկփաշայի երբեմնի Մեսրոպեան վարժարանի, Պէզճեան Մայր վարժարանի եւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի մէջ։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է «Մարմարա» համալսարանին մէջ։ Կրթութեան բնագաւառի ղեկավարման ճիւղին մէջ ուսումը խորացուցած է Իսթանպուլի «Թիճարէթ» համալսարանի եւ Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ։ Մինչ այդ, մասնակցութիւն բերած է նաեւ բազմաթիւ վերապատրաստման ծրագրերու։
Թալին Նայիր ցարդ պաշտօնավարած է համայնքային զանազան վարժարաններու մէջ։ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանը եղած է իր հիմնական երդիքը։ Մօտաւոր անցեալին երկու տարի վարեց նաեւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանէն ներս եղած է հսկիչ, փոխ-տնօրէնուհի եւ երկու շրջան ալ տնօրէնուհի։ Համայնքէն դուրս ալ պաշտօնավարելու փորձառութիւն ունի։ Աշխատած է Ուլուսի ՄԷՖ վարժարանին մէջ՝ որպէս դասարանի ուսուցչուհի։
Թալին Նայիր գիտէ նաեւ անգլերէն եւ զարգացած ծանօթութիւններ ունի տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու կալուածէն ներս: