image
Հրատապ լուրեր:

Արամ Ղազարեան նշանակուած է ՆԳՆ ոստիկանութեան պետ

Արամ Ղազարեան նշանակուած է ՆԳՆ ոստիկանութեան պետ

Արամ Ղազարեանը նշանակուած է Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան պետ-ներքին գործոց նախարարի տեղակալ։ Այս մասին յայտնած են Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան մամուլի ծառայութենէն։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յունիս 3-ի որոշմամբ՝ Արամ Ղազարեանը նշանակուած է Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան պետ-ներքին գործոց նախարարի տեղակալ։

Մինչ այս Արամ Ղազարեանը Լոռիի մարզպետն էր։ Ան այդ պաշտօնէն հրաժարական ներկայացուցած է երէկ՝ յունիս 2-ին։ Դիմատետրի իր էջին Ղազարեանը յայտնած էր, որ այլ աշխատանքի պիտի անցնի։

Յունիս 2-ին սեփական դիմումի համաձայն պաշտօնէն ազատուած էր Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարի տեղակալ, ոստիկանութեան պետ Արամ Յովհաննիսեանը։