Պէյրութէն կ'իմանանք, թէ ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան պարոն Աշոտ Քոչարեանի հրաւէրին, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ 8 Հոկտեմբերին այցելեց Հայաստանի դեսպանատուն, ուր պարոն դեսպանէն ստացաւ Հայաստանի կրթական նախարարութեան կողմէ Մեսրոպեանի շնորհուած շնորհակալագիրը՝ համահայկական նկարչական մանկապատանեկան մրցոյթին մասնակցութեան առիթով: