image

Պէյրութ. Կարեւոր լուր Մեսրոպեան վարժարանէն. Վարժարանը յայտարարած է Ֆրանսական պետական պաքալորէայի (Baccalauréat Français) ծրագիրին մեկնարկը

Պէյրութ. Կարեւոր լուր Մեսրոպեան վարժարանէն. Վարժարանը յայտարարած է Ֆրանսական պետական պաքալորէայի (Baccalauréat Français) ծրագիրին մեկնարկը

Մեսրոպեան Վարժարանը յայտարարած է Ֆրանսական պետական պաքալորէայի (Baccalauréat Français) ծրագիրին մեկնարկը 2025-2026 տարեշրջանէն սկսեալ:

«Արեւելք»ի խմբագրութիւն յղուած հաղորդագրութիւնէն կը կարդանք՝

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հպարտութեամբ կը յայտարարէ Ֆրանսական պետական պաքալորէայի (Baccalauréat Français) ծրագիրին մեկնարկը՝2025-2026 տարեշրջանէն սկսեալ։

Սա պատմական նուաճում մըն է վարժարանի պատմութեան մէջ եւ կը հանդիսանայ նոր էջ մը՝ ակադեմական գերազանցութեան եւ միջազգային հնարաւորութիւններու ապահովման ճանապարհին վրայ։

Նախաձեռնութիւնը կ՛արտայայտէ Մեսրոպեանի կրթական պարտաւորութիւնը եւ յանձնառու մօտեցումը՝ մատուցելու բարձրագոյն մակարդակի կրթութիւն Լիբանանի հայ համայնքի զաւակներուն։

Ֆրանսական պաքալորէան աշակերտութեան դիմաց կը բանայ կրթական նոր եւ լայն դռներ, կը զարգացնէ վերլուծական մտածողութիւնը, յառաջ կը մղէ լեզուական հմտութիւնը եւ կը պատրաստէ աշակերտը՝ Եւրոպայի եւ աշխարհի յառաջատար համալսարաններու մուտքին։

Ծրագիրը պիտի սկսի գործադրուիլ յառաջիկայ տարեշրջանի 10-րդ դասարանէն՝ Seconde-էն սկսեալ։ Արձանագրութիւնները սկսած են, կան սահմանափակ թիւով տեղեր։

Մանրամասնութիւններուն համար դիմել Մեսրոպեան վարժարանի քարտուղարութիւն,

հեռաձայն՝ 01 260504, 262955, 254940, WhatsApp 03703991, ժամը 8։00 -12։00, բացի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերէն։