image

Կրթական տարեշրջանի աւարտին. Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց

Կրթական տարեշրջանի աւարտին. Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց

Օրերս եւ զուգադիպաբար Կրթական Տարեշրջանի աւարտին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Գանատայի բոլոր հայ աշակերտներուն մաղթելով անոնց բարի երթ եւ նորանոր յաջողութիւններ։

«Արեւելք» Սրբազան Հօր բարեխնամ եւ հայրական ուղերձը կը ներկայացնէ ստորեւ՝

Սիրելի շրջանաւարտներ, համալսարանական, երկրորդական, նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի,

Այս օրերուն, երբ դուք տարբեր հանգրուաններ կը թեւակոխէք ձեր ուսման ընթացքին, մենք՝ իբրեւ հոգեւոր Առաջնորդ, սրտի անհուն ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ կը շնորհաւորենք ձեզ եւ ձեր ծնողներն ու հարազատները։

Վստահ եմ, որ իւրաքանչիւրդ կ’անդրադառնաք որ ձեր տարիներու աշխատանքի ու նուիրումի արդիւնքն է որ կը քաղէք այսօր։

Ձեր առջեւ կեանքի նոր էջ մը կը բացուի։ Ձեզմէ ոմանց համար ուսումնական ճանապարհորդութեան մը աւարտն է եւ շուտով աշխատանքային տարբեր դաշտեր պիտի բացուին ձեր դիմաց, իսկ ուրիշներ ուսումնական նոր հանգրուաններ պիտի շրջանցեն, թո՛ղ որ Աստուած ինք առաջնորդէ ձեզ։

Միշտ յիշեցէք, թէ իսկական իմաստութիւնը գիտութեամբ զարգացումը չէ միայն, այլ նաեւ ու մանաւանդ Աստուծոյ իմաստութեամբ ապրիլն է։ Ինչպէս Առակաց գիրքը կը սորվեցնէ.«Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջ երկիւղն է» (Առակաց 1.7)։

Սիրելի շրջանաւարտներ, դուք քաջութեամբ ու յանձնառութեամբ հասաք այս հանգրուանին։

Շարունակեցէք ապագային քալել վստահութեամբ եւ յոյսով, որպէսզի սիրով ու խոնարհութեամբ ապրիք նպատակասլաց կեանքով։ Թող ձեր ջահը մշտավառ փայլի, ձեր սիրտը մաքրազարդ առաջնորդէ, եւ ձեր մասնագիտութիւնն ու ձեռներեցութիւնը կառուցէ աւելի լաւ աշխարհ։ Սրտանց կը մաղթեմ, որ յաղթահարէք կեանքի բոլոր դժուարութիւնները եւ ձեր դիմած բացուող ապագան լեցուն ըլլայ առաւել յաջողութիւններով։

Հոգեկան մեծ ուրախութեամբ կը շնորհաւորեմ ձեզ։ Ապագան ձեր դիմաց է։

Քալեցէք իմաստութեամբ, ծառայեցէք սիրով եւ փառք ու պատիւ բերէք ընտանիքներուն եւ մանաւանդ մեծ ընտանիքին՝ Ազգիս հայոց։

Թող Աստուծոյ օրհնութիւնը միշտ ձեզի հետ ըլլայ.ամէն։