image

Պէյրութի Բախումներուն Վիրաւորներ Կան. Կառավարութիւնը Կը Շարունակէ Լուռ Մնալ (Լուսանկարներ)

Պէյրութի Բախումներուն Վիրաւորներ Կան.  Կառավարութիւնը  Կը Շարունակէ Լուռ Մնալ  (Լուսանկարներ)

 Լիբանան-   Ծանր իրավիճակ կը տիրէ  Պէյրութի  կեդրոնական թաղամասերուն մէջ:   Ըստ  «Լիբանանի  Կարմիր Խաչ»ին   տասնեակ վիրաւորներ փոխադրուած են հիւանդանոցները:  ԼԿԽԿ-ի մէկ բանբերը յայտնած է, որ  մինչեւ այս պահը   յայտնի չէ,  որ  վիրաւորները ինչ տիպի փամփուշտներով վիրաւորուած  են:LBCI    կայանի  լրագրող Ֆութուն Րահըտ իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ տեսանիւթ  մը  տեղադրած է, ուր   կ'երեւի    ապահովական ուժերուն կողմէ ծանրօրէն վիրաւորուած  երիտասարդի մը հիւանդանոց փոխադրուիլը:   Ցուցարարները այս պահուն ստիպուած եղած են  հեռանալ Րիատ Սոլհ  շրջանէն:  Բախումներ  կը  գրանցուին նաեւ   Րինկ   կամուրջին վրայ: