Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի սպասուած օրերէն մէկը՝ Աւարտականներու հանդէսը, որ այս տարի եւս իր ճոխ մթնոլորտով հարստացուց բեմը՝ անմոռանալի յիշատակ մը ձգելով աւարտականներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն սրտերուն մէջ:
Երեքշաբթի, 27 Մայիս 2025-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Պետողլեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի 2024-2025 տարեշրջանի աւարտականներու հանդէսը, ներկայութեամբ՝ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ Վարժարաններու Ընդհանուր Քարտուղար հայր Եուսէֆ Նասըրի, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ եւ վարժարանիս հոգեւոր վարիչ հայր Լեւոն Ստեփանի, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներու ժողովրդապետերու եւ փոխ ժողովրդապետերու, Գերապատիւ վարդապետներու, Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու, միութիւններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու, բարեկամներու, հիւրերու, վարժարանի տեսչակազմերու եւ ուսուցչակազմերու, ծնողներու եւ շրջանաւարտներու:
Յայտագիրը, ճշգրտօրէն պատրաստուած եւ բոլոր մանրամասնութիւնները հաշուի առնուած, ընդգրկեց արուեստի եւ խօսքի ներդաշնակութիւն մը արտացոլելով վարժարանի բարձր մակարդակն ու ոգին:
Երաժշտութեան եւ ծափողջոյններու ընկերակցութեամբ սրահ մուտք գործեցին 30 աւարտականներ, որուն յաջորդեցին Լիբանանի, Հայաստանի, եւ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի քայլերգները: Հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով, աւարտականներու եւ տնօրէնութեան անունով, բարի գալուստի խօսք փոխանցեցին Քրիսթէլ Մաքասճեան եւ Քրիսթէլ Նահապետեան, անմիջապէս ետք Քրիսթէլ Կիւլիւզեան «Ծաղկեփունջ» մենապարով ելոյթ ունեցաւ: Հայերէն ուղերձով՝ Մէրի Զիննէթեան, արաբերէն ուղերձով՝ Ռիթա Կէօզիւպէօյուքեան եւ անգլերէն ուղերձով՝ Սերժ Հայրանեան փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքերը: Սթիւ Տէմիրճեան արաբերէն ասմունքով տաղանդաւոր ներկայացում կատարեց: Ճոխ էր արուեստի բաժինը իր խմբային արաբերէն ու հայերէն պարերով, յատկապէս բարձր արուեստի կատարողութիւն ունեցան դաշնամուրի վրայ՝ Կրեկ Սըվաճեան եւ Արտա Մթրըպեան, փողի վրայ՝ Նարեկ Ալիեմէզեան, իսկ երգեցողութեամբ՝ Մելիսսա Մահրուք (նուագի ընկերակցութեամբ՝ վարժարանիս տաղանդաւոր ուսուցիչ պրն. Ռաֆֆի Տէր Առաքելեանի):
Ցուցադրուեցաւ աշակերտներուն պատրաստած տեսերիզը, որ կը համառօտէր իրենց 15 տարուան կեանքը վարժարանէն ներս:
Այս տարուան հանդէսին, յատկանշական էր՝ աւարտականներէն Ալիք Չափարեանի բեմին վրայ գծելու եւ ներկայացնելու ինքնատիպ կատարումը, որ գրաւեց բոլորին ուշադրութիւնը:
Յայտագրին մէջ, ինչպէս միշտ, յատուկ բաժին ունէին մայրերը, Ծիլա Դանիէլեան եւ Սերժօ Խաչատուրեան մայրերուն սրտի խօսք մը փոխանցելէ ետք, բոլորը բեմէն իջան պատուելու իրենց մայրերը վարդեր նուիրելով անոնց:
Աւարտականներ Սէրլի Քէսմէեան եւ Անդրանիկ ՏԷր Եղիայեան դպրոցի վահանը փոխանցեցին 11-րդ դասարանի երկու աշակերտներու` Անժէլինա Գաճոյեանի եւ Էմմանուէլ Ազատեանի, շարունակելու համար վարժարանի գոյերթը, որմէ ետք Փերլա Աւետիսեան հրաւիրեց վարժարանի մեծաւոր պրն. Արամ Գարատաղլեան փոխանցելու իր սրտին խօսքը:
Պրն. Արամ Գարատաղլեանի ելոյթը յատկանշական էր իր երկլեզու ներկայացումով: Ան իր պատգամը փոխանցեց հայերէն եւ արաբերէն զիրար ամբողջացնող, հակիրճ եւ ամբողջական մտքերով: Իւրաքանչիւր լեզուի մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ տարբեր նրբերանգներու եւ շեշտադրումներու, որոնք միասին կը կազմէին մէկ միասնական եւ խորիմաստ պատգամ՝ հասանելի բոլոր ներկաներուն: Հայերէնով՝ պատուեց հայ դպրոցը՝ իբրեւ ազգապահպանման ամրոց, պատուեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը յանձինս Ն․Ա․Գ․Տ․Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքի՝ իբրեւ վարժարանի յենասիւն, պատուեց վարդապետներն ու ուսուցիչները՝ իբրեւ լոյսի փարոսներ եւ անխոնջ ուղեկիցներ, պատուեց ծնողները՝ իբրեւ նուիրեալ անձեր, եւ վերջապէս պատուեց աշակերտները՝ իբրեւ ապագայի կերտիչներ: Արաբերէնով անդրադարձաւ վարժարանիս գործունէութեան մասին, յատկապէս՝ յատուկ պարագաներու բաժանմունքին մէջ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի ունեցած դերին եւ տածած նուիրումին: Անդրադարձաւ նաեւ արդի արուեստական բանականութեան զարգացման մասին, եւ հակառակ անոր ուսուցիչներուն եւ դպրոցին անփոխարինելի դերին՝ մարդկային արժէքներու պահպանման եւ հոգեւոր զարգացման մէջ, շեշտելով կրթութեան մնայուն կարեւորութիւնը արագ փոփոխութիւններու ենթարկուող այս աշխարհին մէջ:
Ապա պրն. Գարատաղլեան բեմ հրաւիրեց հայր Եուսէֆն ու հայր Լեւոնը, եւ վկայականաց բաշխումով պաշտօնապէս աւարտեցաւ 2024-2025 տարեշրջանի հունձքին 30 աշակերտ-աշակերտուհիներուն կրթական ճանապարհորդութիւնը մեր դպրոցէն ներս: Վկայականաց բաշխումէն ետք ուսուցման մէջ գերազանց արդիւնքներ արձանագրած երկու աշակերտներ՝ Սերժ Հայրանեան եւ Քրիսթէլ Նահապետեան ստացան յատուկ վկայագիրներ:
Աւարտին վարժարանիս հոգեւոր հովիւ՝ հայր Լեւոն, իր օրհնանքի խօսքը փոխանցեց, յորդորելով աւարտականներուն իրենց ուսումը շարունակելու, քրիստոնէական ու հայկական արժէքներով առաջնորդուելու իրենց կեանքին մէջ: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով:
Պաշտօնական հանդէսէն ետք աւարտականները եւ բոլոր ներկաները տեղափոխուեցան դպրոցին բակը, ուր տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում, որմէ ետք Սերժիօ Թութիքեան նուագով, Սերժ Քիւրքճեան մեներգով, ապա աւարտականներու խմբերգով ստեղծուեցաւ ճոխ, ուրախ ու անմոռանալի մթնոլորտ մը: