image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճան զանգուածաբար կը քանդէ Ստեփանակերտի, Իւանեանի եւ Մարտակերտի մէջ կառուցուած հայկական շինութիւնները

Ատրպէյճան զանգուածաբար կը քանդէ Ստեփանակերտի, Իւանեանի եւ Մարտակերտի մէջ կառուցուած հայկական շինութիւնները

Ատրպէյճանը զանգուածաբար կը քանդէ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան  մայրաքաղաք Ստեփանակերտի, Իւանեանի եւ Մարտակերտի մէջ կառուցուած հայկական շինութիւնները, յայտնած են տեղի լրատուամիջոցները։

Ինչպէս յայտարարած է վերը նշուած տարածքներուն մէջ Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Էլչին Եուսուպովը, պիտի քանդուին զգալի թիւով «ինքնակամ» շինութիւններ:

«Այդ կառոյցները զգալի վնաս հասցուցած են քաղաքներու եւ շրջաններու ճարտարապետական ​​ոճին։ ​​Այդ շէնքերու մեծ մասը, որոնք չեն պատկանած ատրպէյճանական ճարտարապետական ​​ոճին, շատ անորակ էին, այդ իսկ պատճառով՝ կը քանդուին», -ըսած է ան։