image

Գորիսի մէջ բացուած է Ֆրանսայի պատուոյ հիւպատոսութիւնը

Գորիսի մէջ բացուած է Ֆրանսայի պատուոյ հիւպատոսութիւնը

Գորիսի մէջ բացուած է Ֆրանսայի պատուոյ հիւպատոսի գրասենեակը։

Բացման կը մասնակցէին Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվյէ Տըքոթինյին, Գորիսի քաղաքապետ Առուշ Առուշանեանը, մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեանն ու Ֆրանսայի պատուոյ հիւպատոս Կարմէն Ափունցը:

Անոնք ալ կտրած են տօնական ժապաւէնը։

Յիշեցնենք, որ Երեւանի մէջ Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Ժան-Նոէլ Պարոն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած էր, որ Ֆրանսան Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքին մէջ հիւպատոսական գործակալութիւն պիտի բանայ։