image

Համաշխարհային պատերազմէն ասդին առաջին անգամ ըլլալով Գերմանիան  դէպի այլ երկիր զօրքեր կ՚ուղարկէ

Համաշխարհային պատերազմէն ասդին առաջին անգամ ըլլալով Գերմանիան  դէպի այլ երկիր զօրքեր կ՚ուղարկէ

Գերմանիան՝ նացիական ժամանակաշրջանէն ի վեր առաջին անգամ, կանոնաւոր զօրք ուղարկած է այլ երկիր։

Այս մասին կը հաղորդէ Military Watch Magazine-ը։

Գերմանական բանակը սկսած է իր ստորաբաժանումները տեղակայել Լիթուայի մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ՝ ձեւաւորելով նոր 45-րդ հրասայլային գունդ։

Յիշեցնենք, թէ 2023-ի Դեկտեմբերին Լիթուայի եւ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարները՝ Արվիտաս Անուշաուսքասն ու Պորիս Փիսթորիուսը, Վիլնիուսի մէջ ստորագրած էին գործողութիւններու ծրագիր մը՝ մինչեւ 2027 թուականը հանրապետութեան մէջ գերմանական զօրագունդ տեղակայելու համար։

Հիմնական ստորաբաժանումներու տեղափոխումը սկսած է 2025-ին։ Երկու տարուան ընթացքին գերմանական զօրագունդը Ռուտնինքայի զօրավարժարանին մէջ պէտք է հասնի լիակատար գործառնական պատրաստութեան։

Կը սպասուի, որ Լիթուա պիտի ժամանեն 5000 գերմանացի զինուորականներ իրենց ընտանիքներու հետ։ Ինչպէս կը յայտնէ Լիթուայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, Գերմանիան մտադիր է երկիր ուղարկել ծանր զօրագունդ մը՝ երեք մանեւրային գումարտակներով, անհրաժեշտ մարտական աջակցութեամբ եւ մատակարարման ստորաբաժանումներով։