image

Հովուական հանդիպում Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Կեդրոնէն ներս

Հովուական հանդիպում Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Կեդրոնէն ներս

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, այցելեց Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան կեդրոնը եւ մասնակցեցաւ հովուական հանդիպումի՝ Միութեան հովիւներուն հետ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթել եկեղեցւոյ պաշտօնական էջէն:

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Չորեքշաբթի, 14 Մայիս  2025-ին, Լոս Անճըլըսի իր այցելութեան ծիրէն ներս, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, այցելեց Հիւսիսային Ամերիկայի  Հայ Աւետարանական Միութեան կեդրոնը եւ մասնակցեցաւ հովուական հանդիպումի՝ Միութեան հովիւներուն հետ։

Հանդիպումը սկիզբ առաւ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեանի ողջոյնի խօսքով, ուր շնորհակալութեամբ նշուեցաւ Վեր. Ճօ Կարապետեանի հրաւէրը՝ մասնակցելու Փասատինայի Հայ Աւետարանական Կիլիկիա Եկեղեցւոյ հոգեւոր արթնութեան պաշտամունքներուն։

Կողմերը քննարկեցին Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը, տարածաշրջանի եկեղեցիներուն ապրած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոգեւոր, ընկերային եւ տնտեսական պայմանները։ 

Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ միասնական աղօթքով՝ ի նպաստ խաղաղութեան, հովուական ծառայութեան արդիւնաբերման, Միջին Արեւելքի ու Սփիւռքի  եկեղեցիներու վերակենդանացման։