image

Ուիթքոֆն ու Նաթանիահուն անընդունելի անուանած են «Համաս»-ի ներկայացուցած պայմանները. BBC

Ուիթքոֆն ու Նաթանիահուն անընդունելի անուանած են «Համաս»-ի ներկայացուցած պայմանները. BBC

Պաղեստինեան «Համաս» խմբաւորումը հրապարակած է մանրամասն պատասխան մը՝ Կազայի շրջանին մէջ 60-օրեայ հրադադարի ամերիկեան առաջարկին։ Խմբաւորումը համաձայնած է ազատ արձակել 10 ողջ իսրայէլցի պատանդներ եւ յանձնել 18 մեռած պատանդներու մարմինները՝ փոխարէնը իսրայէլեան բանտերէ ազատ պիտի արձակուին պաղեստինցի բանտարկեալներ։

Փոխանակման մասին առաջարկը ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Ուիթքոֆը, եւ Իսրայէլ տուած է իր համաձայնութիւնը։ Սակայն «Համաս» նաեւ առաջ քաշած է իր սեփական պայմանները՝ մշտական հրադադար, իսրայէլեան զօրքերու ամբողջական դուրսբերում Կազայէն եւ մարդասիրական օգնութեան անընդհատ հոսքի երաշխիքներ։ Այս կէտերէն ոչ մէկը Ուիթքոֆ առաջարկած է։

Այսպիսով, «Համաս»-ի արձագանգը կարելի չէ դիտել ո՛չ որպէս Ուիթքոֆի առաջարկին յստակ մերժում, ո՛չ ալ որպէս անոր միանշանակ ընդունում, կը նշէ BBC-ն։

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ներկայացուցիչը յետագային X ցանցին մէջ գրած է, որ «Համաս»-ի պայմանները «ամբողջովին անընդունելի են եւ գործընթացը միայն ետ կը մղեն»։ Իսրայէլի կառավարութիւնը նոյնպէս մերժած է այդ պայմանները։