Նախօրէին ԱՄՆ ծերակուտական Լինտզի Կրեմը, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպումէն ետք մամուլի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ հրադադարէ հրաժարելու պարագային Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները խստացնելու մասին օրինագիծը կրնայ քննարկուիլ ԱՄՆ Քոնկրեսին մէջ արդէն յաջորդ շաբաթ։
Ան նշած է, որ Քոնկրեսի անդամներ կան, որոնք պատրաստ են առաջ տանիլ այս օրինագիծը։ Կրեմը յիշեցուցած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի խօսքերը, որ ըսած էր, թէ առաջիկայ երկու շաբաթները վճռորոշ պիտի ըլլան։
Ծերակուտականի խօսքով՝ ինք Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած հանդիպման ընթացքին Ռուսիոյ կողմէ խաղաղ մտադրութիւններ չի տեսներ։ «Երբ այս երկու շաբաթները անցնին, բոլորին յստակ պիտի ըլլայ, որ Ռուսիան կը խաղայ աշխարհի, ոչ միայն ԱՄՆ-ի հաշուոյն, ու մենք պիտի փոխենք խաղի այս կանոնները Ռուսիոյ համար», — ըսած է Հանրապետական ծերակուտականը ու աւելցուցած, թէ «Փութինի խաղը շուտով պիտի աւարտի»։
Ծերակուտականը նշած է, որ նոր պատժամիջոցները մեծ հարուած պիտի հասցնեն Ռուսիոյ, ինչպէս նաեւ պիտի փոխեն իրավիճակը Չինաստանի համար, որ կը գնէ ռուսական ուժանիւթակիրներ։ Նոր պատժամիջոցներու շրջանակին մէջ պիտի առաջարկուի 500 առ հարիւր մաքսատուրք սահմանել այն երկիրներու ապրանքներուն վրայ, որոնք կը շարունակեն ուժանիւթային միջոցներ ներմուծել Ռուսիայէն։
Իր հերթին, ծերակուտական Ռիչարտ Պլումենթալը եւս հաստատած է ամերիկացի օրէնսդիրներու ծրագիրը 500 առ հարիւր տուրքերու մասին։ Անոր խօսքով, ԱՄՆ Ծերակոյտի պատասխանը պիտի ըլլայ յստակ ու միանշանակ։ «500 առ հարիւր տուրք բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք կը գնեն ռուսական նաւթ, վարելանիւթ կամ նաւթաքիմիական ապրանքներ», — ըսած է պատգամաւորը։
Ծերակուտականը հիացմունք յայտնած է եւրոպացի դաշնակիցներուն համար, որոնք կոչ ուղղած են ԱՄՆ-ին խստացնելու պատժամիջոցները Ռուսիոյ դէմ։ Ան նաեւ կոչ ուղղած է Ուաշինկթընին աւելի շատ Patriot հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, հրետանի եւ ինքնաթիռներ տրամադրելու Ուքրանիոյ ու նշած է, որ պէտք են յստակ քայլեր, ոչ միայն հռետորաբանութիւն։
Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին շնորհակալութիւն յայտնած է Կրեմին եւ Պլումենթալին Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներու մասին օրինագծի առաջխաղացման համար եւ նշած է, որ այս փաստաթուղթը արդէն պաշտպանած են 82 ծերակուտական։