Հայաստան-Ֆրանսա ապակեդրոնացուած համագործակցութիւնը ռազմավարական համագործակցութիւն է, որ պայմանաւորուած է վերջին տարիներու թելադրանքով։ Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին՝ Գորիսի մէջ ընթացող Հայաստան-Ֆրանսա ապակեդրոնացուած համագործակցութեան 5-րդ համաժողովի ժամանակ։
«Համագործակցութիւնը համերաշխութեան նշանի ներքոյ կ՚իրականացուի։ Այսօր ունինք մօտեցման փոփոխութիւն։ Հայկական եւ ֆրանսական համայնքները կը խօսին համագործակցութեան մասին՝ միտքի մէջ ունենալով ռազմավարական չափորոշիչները»,- ըսած է դեսպանը։
Ֆրանսայի դեսպանի խօսքով՝ այն ինչ Հայաստանն ու Ֆրանսան կը կառուցեն միասին, պարզապէս համագործակցութիւն չէ, պարզապէս բարեկամութիւն չէ, այլ նաեւ իսկական լծակներ են՝ իրավիճակի վրայ ազդելու, աջակցելու Հայաստանին եւ գործելու յանուն խաղաղութեան։
«Այն փաստը, որ բոլորս միաւորուած ենք Գորիսի մէջ հիմա՝ մօտ երկու տարի անց, երբ ֆրանսական համայնքներու կողմէ, որ նախաձեռնած էին Փարիզ քաղաքը եւ Հայկական միութիւններու միաւորումը, ուղարկուած էր մարդասիրական օգնութիւնը, կը նշանակէ, որ մենք կը շարունակենք ձեր կողքին մնալ՝ թէ՛ պետութիւնը, թէ՛ ֆրանսական հասարակութիւնը, թէ՛ կազմակերպութիւնները»,-ըսած է դեսպանը։