Պէյրութէն բարի լուր. Լոյս աշխարհ եկած է Ճեֆրի եւ Օսան Գըլընճեաններու առջինեկ զաւակը՝ Քամին
Պէյրութէն ուրախալի լուր ստացանք։ Լոյս աշխարհ եկած է Ճեֆրի եւ Օսան Գըլընճեաններու առջինեկ զաւակը՝ Քամի Գըլընճեանը։
Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող ծանրագոյն պայմաններուն, հայ երիտասարդներ կը շարունակեն իրենց վրայ դրուած յոյսը արդարացնել։ Եւ այդ վառ յոյսն անշուշտ հայեցի շունչով ընտանիք կազմելու առաքելութեան մէջ կը կայանայ։
Ճեֆրի եւ Օսան, որոնք ամուսնացած էին շուրջ 4 տարիներ առաջ, արդէն դարձած են ծնողներ եւ վստահաբար նոր դրական շունչով մը պիտի շարունակեն իրենց կեանքի ճանապարհը։
Մեզի համար, որպէս «Արեւելք», նման լուրերու հաղորդումը տեսակ մը ուրախութեան համազօր բան է։
Ի վերջոյ մեր ազգի, հայ ժողովուրդի գոյութեան իրական երաշխիքը նոր ներուժի ապահովումով կ՚ամրանայ եւ ի վերջոյ, ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի կազմէ այդ ներուժը, երբ աշխարհով մէկ սփռուած մեր երիտասարդները ընտանիք չկազմեն ու այդ ընտանիքներու հարկին տակ նոր երեխաներու ձայնը չլսուի։
Մեր շնորհաւորանքները կը յղենք Պէյրութի ՀՅԴ մեծ ընտանիքին մէջ իրենց ուրոյն տեղն ու դերը ունեցած Գըլընճեաններուն, որոնց հանգուցեալ Գրիգորի ( քաջ յայտնի «Ապու Մուսա» կոչումով) ընտանեկան յարկին տակ իր աչքերը բացած է Ճէֆրի Գըլընճեանը, որ այսօր կը հայրանայ ուրախութեան նոր յոյս մը բերելով իր մեծ ու փոքր ընտանիքին ու հարազատներուն։