Չինաստանը ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ շփումներուն պատճառով անհանգստանալու հիմք չունի։ Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքոն՝ Փեքինի մէջ տեղի ունեցած «Ռուսիա եւ Չինաստան. համագործակցութիւնը նոր դարաշրջանին մէջ» տասներորդ միջազգային համաժողովի ծիրին մէջ։
Ան նշած է, որ խօսքը նոր յարաբերութիւններու կառուցման մասին չէ, այլ Ճօ Պայտընի նախագահութեան ընթացքին քանդուած երկխօսութեան կառուցուածքի վերականգնման մասին։ Այժմ այդ համակարգը կազմաւորման նախնական փուլին մէջ է եւ շատ առումներով կը յիշեցնէ այն բանակցային մեխանիզմները, որ ժամանակին գործածուած էին Չինաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ երկխօսութեան ժամանակ։
Ռուտենքոն յստակեցուցած է, որ խօսքը աշխատանքային խումբերու ստեղծման մասին է, որոնց ծիրին մէջ կողմերը կը քննարկեն մտահոգութիւն առաջացնող յատուկ հարցեր։
«Չեմ կարծեր, որ Չինաստանը տագնապելու պատճառ ունի։ Ամերիկեան ներկայ վարչակարգին հետ, որ աւելի գործնական եւ բանական մօտեցում կը ցուցաբերէ, մենք կը փորձենք ստեղծել այնպիսի կառոյց մը, որ պիտի թոյլ տայ երկխօսութիւն վարել»,– ընդգծած է դիւանագէտը։
Ռուտենքոյի համաձայն՝ նման երկխօսութիւնը յատկապէս կարեւոր է աշխարհաքաղաքական ցնցումներու պայմաններուն մէջ։