image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիոյ ռազմական օդուժին հասցուած վնասը կը կազմէ 7 միլիառ տոլար. Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութիւն

Ռուսիոյ ռազմական օդուժին հասցուած վնասը կը կազմէ 7 միլիառ տոլար. Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութիւն

Ուքրանիոյ ապահովութեան ծառայութիւնը հաստատած է, որ Ռուսիոյ մէջ թիրախներուն անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներ կատարուած են։ Ծառայութեան տուեալներով՝ «Սարդոստայն» անունով գործողութեան հետեւանքով ռուսական ռազմավարական օդուժին հասցուած է մօտ 7 միլիառ տոլարի վնաս։

Ծառայութիւնը նաեւ հաղորդած է, որ հարուածներու տակ յայտնուած են Ռուսիոյ գլխաւոր օդակայաններուն մէջ տեղակայուած թեւաւոր հրթիռակիրներու մօտ 34 տոկոսը։ Ուքրանական կողմը խոստացած է, որ գործողութեան լրացուցիչ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակէ աւելի ուշ։

Նշենք, որ Յունիս 1-ին Ուքրանիան անօդաչու թռչող սարքերով յարձակած է Ռուսիոյ շարք մը մարզերու ռազմական օդակայաններու վրայ։ Հաղորդուած է, որ այդ լայնածաւալ յատուկ գործողութիւնը կազմակերպուած էր Ուքրանիոյ ապահովութեան ծառայութեան կողմէ։ Թերթի տուեալներով՝ յարձակման հետեւանքով աւելի քան 40 ինքնաթիռ խոցուած է, այդ շարքին մէջ՝ A-50, Tu-95 եւ Tu-22 M3, իսկ վնասը գնահատուած է աւելի քան 2 միլիառ տոլար։ Յատուկ գործողութիւնը կը կոչուի «Սարդոստայն»։

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ հինգ ռազմական օդակայաններէն երեքին վրայ գործադրուած անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումները ետ մղուած են։