Ներեցէ՛ք ինծի անմեղ որբուկներ։ Ես ձեզի շատ ուշ ճանչցայ, երբ դուք վաղուց յաղթահարած էիք գաղթակայաններուն մէջ տարածուած համաճարակները, որբանոցներուն խճողումն ու խեղճուկ պայմանները, թիթեղաշէն տնակներուն մէջ ապրուած ջերմահարութիւնն ու ցրտահարութիւնը, անօթի ստամոքսով քնանալու «վարժութիւնը», ոտաբոպիկ եւ «կիսամերկ» պտըտելու պարտադրանքը...: Երբ ձեզ ճանչցայ, դուք անցեալի դալուկ որբուկները չէիք, այլ դարձած էիք ձեր ընտանիքին պարագլուխը, ապրուստ ու խնամք ապահովողը, ամրութիւն ներշնչողը, ուսեալ ու մշակութասէր զաւակներու եւ թոռներու տէրերը: Ես ձեր ողբերգական ուղիին ու տառապանքին տարողութիւնը իմացայ, երբ պատանեկութեան օրերուս կարդացի Անդրանիկ Ծառուկեանին գրիչով՝ «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»ը, Ֆիլիբ Զաքարեանին «Որբը տուն շինեց» եռահատորը, բանաստեղծներուն աղիողորմ ճիչերը, արձակագիրներուն մահասարսուռ նկարագրականները...։ Աւելի յառաջացած տարիքիս, ձեզի աւելի մօտէն տեսայ, երբ որբանոցներ այցելեցի, խմբային գերեզմաններու գոյութիւնը իմացայ, որբահաւաքի աշխատանքներուն ծանօթացայ, այլազան պատմական ու վաւերագրական երիզներ դիտեցի: Ապշեցայ ու խոնարհեցայ, երբ այլ ազգութենէ կանայք իրենց երկիրն ու փափկակեցիկ կեանքը թողելով, եկած էին ու նուիրուած հայ որբերը խնամելու վեհ առաքելութեան…: Զարմանալի չէր, որ ազգականս՝ Կիւլպէնկը, մերժած էր լքել Ճիպէյլի որբանոցը եւ հետեւիլ իր աւագ եղբօր՝ Արամին, որուն հետքը կորսնցուցած էր եղեռնի թոհուբոհին մէջ: Ան ոտքերը գետին զարնելով ու լալով պնդած էր. « Ես ուրիշ տուն չեմ ուզեր, իմ տունս հո՛ս է, իմ քոյր- եղբայրներս հո՛ս են, Մարիա Ճէքըպսընը իմ մայրս է...»:
Այսօր՝ հարիւր տասը տարիներ, մեզ կը բաժնեն մեր պատմութեան դառնագոյն իրողութենէն՝ հայոց ցեղասպանութենէն, որ մինչեւ օրս կը դրժուի ցեղասպանին կողմէն ու անպատիժ կը մնան անոր ոճրային արարքները՝ մէկուկէս միլիոն անմեղ քաղաքացիներուն բնաջնջումը, ինչպէս նաեւ՝ բռնագրաւումը մեր հայրենական անծայրածիր հողերուն, անհամար կառոյցներուն, սրբատաշ կոթողներուն, սուրբ մասունքներուն... :
Մենք այս բոլորը մեր ուսուցիչներէն եւ հայոց պատմութեան գիրքերէն չսորվեցանք, այլ աւելին՝ տեղեկացանք մեր շուրջը ապրող անհատներէն՝ վերապրող սերունդէն։ Մեծ հայրս, մեծ մայրս, դրացիներ ու ազգականներ մէյ մէկ ապրող «վկայարան» էին, որոնք թուրքին եաթաղանէն հազիւ ճողոպրած ու եղերական ոդիսական մը ապրելէ ետք, Աստուածային հրաշքով ողջ մնացած ու ապաստան գտած էին Լիբանանի խաղաղ հողին վրայ։
Այսօր, երբ յետադարձ ակնարկով կը դիտեմ վերապրող սերունդին, մօտս խոնարհումի ու ակնածանքի զգացումէն անդին կ՚առաջանայ ինքնամեղադրանքի ու ափսոսանքի խայթը: Կը զգամ, որ անձնապէս թերացած եմ վերապրողները աւելի մօտէն ճանչնալու, հարցաքննելու, կարեկցելու, դէպքերն ու թուականները արձանագրելու դերին մէջ: Հաւանաբար օրին, տարիքս ու հասունութեան պակասը չէին նպաստեր, որ այսօրուան հայեցողութեամբ արժեւորեմ դէպքերը եւ ցեղասպանութենէն փրկուած դէմքերը։
Ներեցէ՛ք ինծի սիրելի վերապրողներ, որ ձեր յանկարծակի փղձկող արցունքները չկրցայ ճիշդ բացատրել եւ վերագրեցի զանոնք ձեր տարիքային ցաւերուն եւ կամ փխրուն յուզականութեան: Ձեր լռութիւնը, կամ սակաւախօսութիւնը, անհաղորդ ու ինքնամփոփ բնաւորութեան արդիւնք սեպեցի։ Ձեր անակնկալ հոգոցները՝ ա՜խն ու վա՜յ- վա՜խը, ինծի տարօրինակ թուեցան: Նոյնպէս հարցական էին՝ ձեր մռայլ ու սառած աչքերը, որոնք կարծես եկուորի մը գալստեան կը սպասէին ու երկար ժամեր հորիզոնին սեւեռած կը մնային:
Ներեցէ՛ք ինծի տարեց դրացիներ, որ գոյներու ու նորաձեւութեան հմայքով տարուած՝ քննադատեցի ձեր սեւ ու լայն զգեստները, մոխրագոյն ու անխնամ ծամերը, անհրապոյր գլխաշորերը, կիսամաշ գոգնոցները, անշպար ու տժգոյն դէմքերը: Ա՜խ, ես ինչպէս իմանայի, որ կորուստները, սուգը, վիշտը, պատած էին ձեր ներաշխարհը եւ անոնք կ՚արտացոլային ձեր առօրեայ կերպարին ու կենցաղին ընդմէջէն:
Ներեցէ՛ք ինծի ահաբեկուած կանայք։ Ես չէի գիտեր ձեր դաջուած կզակներուն, ճակատներուն եւ ձեռքերուն ետին պահուած ողբերգական դէպքերուն մասին: Ինծի կը զարմացնէին ձեր մաշկին վրայ անճաշակօրէն խծբծուած թանաքը։ Կը կարծէի, որ այդ նախշերը ձեր կամովի ընտրութիւններն էին: Ցաւօք, ես շատ ուշ իմացայ, որ տաք մոխիրէն ու թանաքէն ծնած դաջուածքները ապացոյցներն էին՝ կայացած առեւանգումներուն, բռնի ստրկութեան, բռնաբարութիւններուն եւ «թունաւոր» յղութիւններուն: Սարսռացի երբ տեղեկացայ, որ մանուկներ ծնած էին հայու արգանդէն եւ անոնք իրենց մայրերն ու իսկական ինքնութիւնը չէին ճանչցած։ Նմանապէս, հայ դեռատի մայրեր, վկայ մօրս հօրաքոյրը՝ Նեւրիկը եւ մեր դրացի Լուսիա պաճըն, իրենց զաւակները լքած եւ ուրացած էին, որովհետեւ մանուկին ներկայութիւնը զիրենք բռնաբարող ճիւաղը կը յիշեցնէր։
Ներող եղի՛ր, տանջուած տիկին Անուշ։ Ես կը կարծէի, որ գլուխէդ ստացած կացինի հարուածը եւ անոր ձգած կոշտ սպին միակ վէրքդ էր, սակայն, յետագային տեղեկացայ քու հոգիդ չարչրկող ու չսպիացող վէրքիդ պատմութիւնը: Որչա՜փ ցաւեցար, գրեթէ խելագարուեցար, երբ յայտնաբերեցիր, որ թուրք տիրուհիդ երկու զաւակներդ անողոքաբար մորթած էր, որպէսզի անոնց կաթնաթոյր մարմինները զոհաբերէր իր ալլահին ու իսլամական «ատհա» տօնին:
Ներեցէ՛ք ինծի տխրադէմ վերապրողներ։ Ես կը նեղանայի ձեր խոժոր կամ խիստ դէմքերէն: Ես մանուկ էի եւ չէի կրնար պատկերացնել, որ Տէր Զօրի գեհենը՝ խանձող արեւը, որբութիւնը, մտրակներու հարուածները, ծարաւն ու քաղցը կրնան մարդը դառնացնել ու անոր դէմքին վրայ անջնջելի դրոշմներ ձգել: Օրինակ մըն էր սիրելի մեծ մայրս, որուն ժպտիլը չեմ յիշեր: Ան գորովագութ կին էր։ Երբ մեզ տեսնէր իր սիրտը կը հրճուէր, բայց դէմքին վրայ ժպիտ չէր նշմարուեր: Մեծ մայրս յուզմունքով կը պատմէր տեղահանութեան ճամբուն վրայ իր ապրած տառապանքները: Ան ձիուն թրիքին մէջէն չմարսուած գարիի հատիկներ կերած էր, կեղտախառն ջուր խմած էր, սիրելիներ կորսնցուցած էր, ականատես դարձած էր ահաւոր բրտութիւններու...: Թէեւ ես ուշի ուշով կը լսէի մեծ մօրս խօսքերը, բայց մանուկ հոգիս անոր նկարագրածին ահաւորութիւնը չէր ըմբռներ:
Ներեցէ՛ք ինծի անմեղ որբուկներ։ Ես ձեզի շատ ուշ ճանչցայ, երբ դուք վաղուց յաղթահարած էիք գաղթակայաններուն մէջ տարածուած համաճարակները, որբանոցներուն խճողումն ու խեղճուկ պայմանները, թիթեղաշէն տնակներուն մէջ ապրուած ջերմահարութիւնն ու ցրտահարութիւնը, անօթի ստամոքսով քնանալու «վարժութիւնը», ոտաբոպիկ եւ «կիսամերկ» պտըտելու պարտադրանքը...: Երբ ձեզ ճանչցայ, դուք անցեալի դալուկ որբուկները չէիք, այլ դարձած էիք ձեր ընտանիքին պարագլուխը, ապրուստ ու խնամք ապահովողը, ամրութիւն ներշնչողը, ուսեալ ու մշակութասէր զաւակներու եւ թոռներու տէրերը: Ես ձեր ողբերգական ուղիին ու տառապանքին տարողութիւնը իմացայ, երբ պատանեկութեան օրերուս կարդացի Անդրանիկ Ծառուկեանին գրիչով՝ «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»ը, Ֆիլիբ Զաքարեանին «Որբը տուն շինեց» եռահատորը, բանաստեղծներուն աղիողորմ ճիչերը, արձակագիրներուն մահասարսուռ նկարագրականները...։ Աւելի յառաջացած տարիքիս, ձեզի աւելի մօտէն տեսայ, երբ որբանոցներ այցելեցի, խմբային գերեզմաններու գոյութիւնը իմացայ, որբահաւաքի աշխատանքներուն ծանօթացայ, այլազան պատմական ու վաւերագրական երիզներ դիտեցի: Ապշեցայ ու խոնարհեցայ, երբ այլ ազգութենէ կանայք իրենց երկիրն ու փափկակեցիկ կեանքը թողելով, եկած էին ու նուիրուած հայ որբերը խնամելու վեհ առաքելութեան…: Զարմանալի չէր, որ ազգականս՝ Կիւլպէնկը, մերժած էր լքել Ճիպէյլի որբանոցը եւ հետեւիլ իր աւագ եղբօր՝ Արամին, որուն հետքը կորսնցուցած էր եղեռնի թոհուբոհին մէջ: Ան ոտքերը գետին զարնելով ու լալով պնդած էր. « Ես ուրիշ տուն չեմ ուզեր, իմ տունս հո՛ս է, իմ քոյր- եղբայրներս հո՛ս են, Մարիա Ճէքըպսընը իմ մայրս է...»:
Շարք մը ընթերցումներէ ետք, երբ որբուկներուն ապրած ոդիսականը եւ իմ կեանքս բաղդատական նժարի վրայ կը դնէի, ինքզինքս անչա՜փ բախտաւոր կը զգայի, յատկապէս, երբ ամէն գիշեր կը սահէի իմ տաքուկ անկողինիս մէջ ու լուսաւոր ապագայի յոյսերով խաղաղ քուն կը մտնէի:
Այսօր, ներողամտութիւն հայցելու առընթեր, կ՚ուզեմ յարգանքս եւ երախտիքս յայտնել, միաժամանակ աղօթքով ու օրհնանքով յիշել հայոց ցեղասպանութէնէն փրկուած ու վերապրած սերունդի զաւակները:
Անոնք զարմանալի վճռակամութեամբ իրենց արիւնաթաթախ ոտքերէն թօթափեցին Տէր Զօրի խանձող աւազները, լռութեան ծածկոյթին տակ թաղեցին իրենց վիշտն ու սուգը եւ պայքարի զրահով դիմակայեցին իրենց դէմ ծառացող մարտահրաւէրները: Գոյութենական պայքար մղելէ անդին՝ անոնք իրենց սահմանափակ հնարաւորութիւնները ի գործ դրին յանուն հայու դիմագիծի պահպանման: Յաջորդաբար հիմնեցին կրօնական, կրթական, ազգային ու մշակութային կառոյցներ: Պահպանեցին մեր ոսկեղինիկ լեզուն, պապենական հաւատքը, ազգային աւանդութիւններն ու մեր հարուստ մշակութային ժառանգութիւնները:
Ի հեճուկս թուրքին դարաւոր երազին ու մարմաջին՝ հայը հիմնովին բնաջնջելու ու թանգարանային օրինակի մը վերածելու, մենք գոյատեւեցինք, բազմացանք, զօրացանք, աշխարհով մէկ սփռուեցանք եւ մեր անկոտրում կամքով, յարմարուելու ունակութեամբ, յարատեւ աշխատասիրութեամբ, կրցանք հաստատել մեծանուն բանաստեղծին՝ Պարոյր Սեւակին ոսկեայ խօսքը՝ «Կա՛նք, պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանա՛նք»։
Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան