Լիբանան- Պէյրութի մէջ բողոքի ցոյց կատարողները պահանջեցին վարչապետին եւ կառավարութեան հրաժարականը: Անոնք կոչ ուղղեցին բոլոր քաղաքացիներուն միանալ այսօր երեկոյեան ժամը 6-ին սկիզբ առնելիք բողոքի մեծ ցոյցին: Աղբի խնդրին համար կազմակերպուած քաղաքացիական խմբաւորումին անունով խօսք առնող բանբերը նաեւ ըսաւ, որ իրենք մտադիր են իրենց շարժումը շարունակել մինչեւ վերջ եւ մինչեւ, որ երկրի վարչապետը հրաժարական ներկայացնէ: