Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ կը կարծէ, որ ռուսերը պէտք չէ թերագնահատեն Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու սկսած հակայարձակումը։ Անոր կարծիքով՝ անհրաժեշտ է «արժանապատիւ պատասխան» տալ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու յարձակողական գործողութիւններուն։
«Մենք պէտք չէ թերագնահատենք թշնամին: Թշնամին ու անոր աջակցող արեւմտեան աշխարհը պատրաստ են ամէն ինչի մեր երկիրը Երկրի երեսէն ջնջելու համար։ Ուստի հիմա գլխաւորը հնարաւորինս կեդրոնանալն ու արժանի պատասխան տալն է»,- գրած է քաղաքական գործիչը Telegram-ի իր էջին:
Տմիթրի Մետվետեւն ըսած է, որ ուքրանական հակայարձակումը Ռուսիոյ համար անակնկալ չէ եղած, եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան Զինուած ուժերը առաւելութիւն ունի Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու նկատմամբ «օդուժի, ճշգրիտ սպառազինութեան, զրահամեքենայի հարցերով»։
Ան կը կարծէ, որ ուքրանական բանակի հակայարձակումը ետ մղելէ ետք ռուս զինուորականները պէտք է իրենք սկսին յարձակողական գործողութիւններ։