image

Իսրայէլը եւ Սուրիան շուտով կրնան անվտանգութեան համաձայնագիր ստորագրել. i24

Իսրայէլը եւ Սուրիան շուտով կրնան անվտանգութեան համաձայնագիր ստորագրել. i24

Իսրայէլը եւ Սուրիան շուտով կրնան անվտանգութեան համաձայնագիր ստորագրել՝ հաղորդած է i24 հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով աղբիւրին: Անոր տուեալներով՝ երկու կողմերն այս յաջողութեան համար պարտական ​​են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի աջակցութեան: Համաձայնագիրը շուտով կրնայ կնքուիլ սուրիացի եւ իսրայէլցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հանդիպման ժամանակ՝ եւրոպական երկիրներէն մէկուն մէջ:

Սուրիոյ անցումային նախագահ Ահմետ Շարըհ աւելի վաղ հաստատած էր, որ Դամասկոսն առաջընթաց գրանցած է Իսրայէլի հետ անվտանգութեան համաձայնագրի բանակցութիւններուն մէջ: Ըս Շարըհի՝ այն պիտի հիմնուի 1974 թուականի ուժերու տարանջատման վերաբերեալ համաձայնագրի վրայ:

Դեկտեմբերի սկիզբը, սակայն, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կետէոն Սաարը յայտնած էր սուրիական կողմի հետ անվտանգութեան համաձայնագրի պայմաններու վերաբերեալ զգալի տարաձայնութիւններու մասին՝ հաղորդած է հեռուստաալիքը:

i24-ի տուեալներով՝ Իսրայէլ կը մերժէ Դամասկոսի պահանջը՝ զօրքերը դուրս բերելու Սուրիոյ բոլոր շրջաններէն, որոնք գրաւուած են նախագահ Պաշշար Ասատի կառավարման աւարտէն ետք: Իսրայէլը պիտի համաձայնի իր զինուորականները դուրս բերել Սուրիոյ մէջ վերահսկուող բոլոր 9 շրջանէն ոչ թէ անվտանգութեան համաձայնագրի, այլ լիարժէք խաղաղութեան պայմանագրի պարագային՝ գրած են իսրայէլեան լրատուամիջոցները: