Ռուսիոյ դէմ Արեւմուտքի խառնածին (հիպրիդային) պատերազմի աւարտէն ետք Եւրոպան պէտք է պատժուի բոլոր հասանելի միջոցներով, գրած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւը։
«Անհրաժեշտ է օգնել այնտեղ որեւէ կործանարար գործընթացի՝ ըլլայ այդ անկարգութիւններ, թէ վայրագութիւններ կատարող գաղթականներու ամբոխ։ Ռուսիոյ դէմ Արեւմուտքի խառնածին պատերազմի աւարտէն ետք Մոսկուային անհրաժեշտ պիտի ըլլայ ներել թոյլ երկիրները, անտեսել ԱՄՆ-ն եւ պատժել Եւրոպան»,- գրած է ան։