Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ռուս գործարարներու ներկայացուցիչներու հետ փակ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը կը քննարկեն Զափորոժիէի աթոմակայանի կառավարման հարցը: Այդ մասին յայտնած է «Քոմերսանթ»-ը:
Պարբերականի տուեալներով՝ Փութինը աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները նոյնպէս հետաքրքրուած է Զափորոժիէի աթոմակայանի մէջ հանքարդիւնաբերութեան կազմակերպմամբ: Աւելին, Քրեմլի ղեկավարի խօսքով՝ Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութեամբ երկու կողմերը «կը քննարկեն» Ուքրանիա ելեկտրական ուժանիւթի մատակարարումները: Փութինը նաեւ նշած է, որ Զափորոժիէի աթոմակայանի մէջ աշխատող ուքրանացի մասնագէտներն ունին ռուսական անձնագրեր:
Մէկ օր առաջ ալ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին հրապարակած էր Քիեւի եւ Ուաշինկթընի միջեւ համաձայնեցուած «հիմնական» խաղաղութեան ծրագիրը, որու դրոյթներէն մէկը կը նախատեսէ Զափորոժիէի աթոմակայանի համատեղ շահագործումը Ուքրանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ կողմէ: Զելենսքիի խօսքով՝ Ուքրանիան չուզեր ուղղակի գործարքներ կնքել Ռուսիոյ հետ, ուստի այս դրոյթը դեռ բանակցային փուլի մէջ է։