Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ հեգնանքով արձագանգած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի երէկուան յայտարարութեան, որ «Ուքրանիան աղցան կամ քոմփոթ չէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ճաշացանկին մէջ ըլլայ»: Այս մասին քաղաքական գործիչը գրած է X-ի իր էջին։
Մետվետեւի խօսքով՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հեռախօսազրոյցը «հաստատած է այն յայտնի միտքը, որ ճաշասենեակին մէջ միայն Ռուսիան եւ Ամերիկան են»։
«Ճաշասենեակին մէջ միայն Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգներն են, ճաշացանկին վրայ՝ թեթեւ նախուտեստներ՝ բրիւքսէլեան կաղամբ, բրիտանական ձուկ եւ ֆրի, փարիզեան աքաղաղ: Հիմնական ուտեստը քիեւեան քոթլեթն է: Բարի ախորժակ», - նշած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահը։
Մարտ 18-ին Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին կտրուկ արձագանգած էր այն խօսքերուն, թէ Ուքրանիան Փութինի «ճաշացանկին մէջ» է՝ ըսելով, որ երկիրը ճաշատեսակ չէ։ Զելենսքին կը կարծէ, որ առանց Ուքրանիոյ մասնակցութեան Ուքրանիոյ խաղաղութեան մասին պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերելը ոչ մէկու համար ցանկալի արդիւնք կ՚ապահովէ։ Այս մասին, gordonua.com-ի հաղորդմամբ, ան յայտարարած է առցանց մամուլի ասուլիսի ժամանակ։
«Չեմ ուզեր վիրաւորել որեւէ մէկը, բայց չեմ ուզեր, որ մենք ըլլանք Փութինի ճաշացանկին մէջ, մենք այս մարդու համար աղցան կամ քոմփոթ չենք՝ չնայած անոր ախորժակին: Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպիսին է ան: Մենք անկախ պետութիւն ենք, եւ հետեւաբար կը կարծեմ, որ սխալ է առանց մեզի մեր մասին բանակցիլ, քանի որ այդ պարագային ցանկալի արդիւնք չըլլար ոչ մէկու համար», - բացատրած է Զելենսքին:
Զելենսքին բազմիցս յայտարարած է, որ Քիեւն առանց Ուքրանիոյ մասնակցութեան Ուքրանիոյ վերաբերեալ որեւէ բանակցութիւն կը համարէ ոչ արդիւնաւէտ, եւ, հետեւաբար, չի ճանչնար ատոր արդիւնքով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։