image

Պայթում Հալէպի մէկ զօրանոցին մօտ. Պատճառները անյայտ են

Պայթում Հալէպի    մէկ զօրանոցին մօտ. Պատճառները անյայտ են

Ժամեր առաջ Հալէպի  «Թարէք Պըն Զիատ» զօրանոցի պահեստանոցին մէջ պայթում տեղի ունեցած է: Այս  մասին տեղեկութիւնը փոխանցեց «Արեւելք»ի  Հալէպի  աղբիւրը, որ նաեւ  հաղորդեց, թէ պայթումին հետեւանքով  ինկած  են վիրաւորներ, որոնք տեղափոխուած են Հալէպի «Ալ-Ռազի» եւ Պետական Համալսարանի հիւանդանոցները:

Կը նշուի նաեւ, որ զօրանոցին կից գտնուող շէնքը ծանրօրէն վնասուած է: Պայթումի պատճառին  մասին ցարդ տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր: Ապահովական մարմիններ այդ ուղղութեամբ հետաքննութիւն սկսած են: