image
Հրատապ լուրեր:

Կազայի պատերազմին. «Համաս»ի զոհերու թիւը կը թաքցուի. Ի՞նչ են պատճառները

Կազայի պատերազմին. «Համաս»ի զոհերու թիւը կը թաքցուի. Ի՞նչ են պատճառները

 Լուրը համարեց՝ «Արեւելք»ը. հիմնական աղբիւր՝ «Ալ Ուաթան»

Ի՞նչքանով իրական է Կազայի մէջ «Քասամ»ի 6000 մարտիկներու նահատակութեան մասին խօսքերը, եւ ինչու «Համաս» չի յայտներ նահատակներու թիւը։

Վերջին օրերուն եւ յատկապէս արաբական ԶԼՄ-ներուն մէջ շատ կը խօսուի այն մասին, որ Կազայի պատերազմի սկիզբէն ի վեր «Համաս»ի աւելի քան 6000 զինեալներ զոհուած են։

Այս թեմային առընթեր կարեւոր յայտարարութիւն մը կատարած է «Համաս»ի գլխաւորներէն՝ Մոհամմատ Նազալ, յայտարարելով, որ «Համաս»ի զոհերուն իսկական թիւը կրնայ գտնուիլ միայն փաղանգի դաշտային հրամանատարութեան մօտ։

Նազալ նաեւ յստակացուցած է, որ նշուա մարմինը այդ առումով չուզէր «ձրիօրէն» տեղեկութիւններ «փոխանցել» Իսրայէլին։ 

Այս մօտեցումը անշուշտ ունի ապահովական երեսակներ, որովհետեւ դարձեալ ըստ «Համաս»ի մօտիկ աղբիւրին «Համաս» չուզէր իր կորուստներուն մասին տուեալներ տալ զգուշանալով Իսրայէլի հետապնդումներէն։

 Նոյն առումով «Համաս»ի առաջնորդը նաեւ հաւաստիացուցած է, որ փաղանգի մարտիկներու մեծ մասը ողջ է եւ կը կռուի իսրայէլեան բանակին դէմ, եւ անոնք կանգնած են երկու ընտրանքի առաջ՝ յաղթանակ կամ մարտիրոսացում:

Նշենք, որ օրերս, Reuters-ը մէջբերած էր «Համաս»ի պատասխանատուի մը խօսքերը, (որուն անունը նշուած չէ) որ «շարժման գնահատմամբ, չորս ամիս շարունակուող հակամարտութեան ընթացքին զոհուած են 6000 մարտիկներ, այսինքն՝ Իսրայէլի յայտարարած թիւի կէսը, որ ըսած է, թէ իրենց կողմէ սպանուած պաղեստինցի զինեալներուն թիւը կը կազմէ 12 000»։

Ի պատասխան «Ռօյթըրզ»ի տարածած լուրերուն շարժման քաղաքական բիւրոյի անդամ Իզզաթ ալ-Ռիշք կարճ յայտարարութեամբ մը ըսած է. « Համաս»-ի առաջնորդներէն մէկուն վերագրուած Reuters-ի հաղորդածին մէջ ճշմարտութիւն չկայ, ինչ կը վերաբերի Կազայի պատերազմին ընթացքին զոհուած «Ալ-Քասամ» փաղանգի զոհերուն իրական թիւին»։