Ժամեր առաջ Հալէպի «Թարէք Պըն Զիատ» զօրանոցի պահեստանոցին մէջ պայթում տեղի ունեցած է: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցեց «Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրը, որ նաեւ հաղորդեց, թէ պայթումին հետեւանքով ինկած են վիրաւորներ, որոնք տեղափոխուած են Հալէպի «Ալ-Ռազի» եւ Պետական Համալսարանի հիւանդանոցները:
Կը նշուի նաեւ, որ զօրանոցին կից գտնուող շէնքը ծանրօրէն վնասուած է: Պայթումի պատճառին մասին ցարդ տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր: Ապահովական մարմիններ այդ ուղղութեամբ հետաքննութիւն սկսած են: