image
Հրատապ լուրեր:

Նուիրումի տարիներ. Հայ Աւետարանական եկեղեցին տօնեց իր հիմնումի 175 -ամեակը

Նուիրումի տարիներ. Հայ Աւետարանական եկեղեցին տօնեց իր հիմնումի 175 -ամեակը

Սերումը եղած էր Մայր Եկեղեցիէն, իսկ վայրը՝ Կոստանդնուպոլիսն էր, ուր ճրագը կը վառուէր ու կը տարուէր մինչեւ Արեւմտահայաստանի ամենահեռաւոր աւաններն ու շէները։ 

 Աւետարանականները, որ առաջին օրէն մեծ արժէք տուած էին կրթելու գործին կը բանային հարիւրաւոր վարժարաններ, կը կրթէին սերունդ եւ կը հասցնէին ունակ գործիչներ։  Մեր տան մէջ, ոչ մէկ առթիւ խտիր դրուած է մեր ժողովուրդի յարանուանութեանց մասին։ Մայրս հայ կաթողիկէ եւ Առաքելական եկեղեցւոյ ծառայասէր մայրերէն էր, քոյրերէս մին Աւետարանական կրթութիւն ստացած հայ մայր դարձաւ, իսկ հօրենական կողմէ մեծ հօրս ընտանեկան շառաւիղին մէջ եղած են հայ  ժողովուրդին եւ հայ  Աւետ. Եկեղեցւոյ ծառայած հովիւներ։

 Այդպիսի մթնոլորտի մէջ հասակ առինք, այդ ոգիով շփուեցանք ու այդ ընթացքներուն մէջ ալ աւելիով ու մօտէն ճանչցանք մեր երեք եկեղեցիներու պատմութիւնն ու մանաւանդ ներկան։ 

 Քաջաբար կրնամ ըսել, որ այս բազմազանութիւնը, որն ինքնին հարստութիւն է, աճած էր գեղեցիկ Պէյրութի ափերուն եւ մինչեւ հիմա ալ կը շարունակուի։

 Ոչ մէկ խտիր, ոչ մէկ տարբերութիւն, կարեւորը՝ Քրիստոսի հանդէպ հաւատք, կարեւորը՝ աղօթելու եւ կրօնը սիրելու ունակութիւն։

Այս բոլորը յիշեցի անցեալ ուրբաթ երեկոյ, երբ ներկայ եղայ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175-ամեայ յոբելինական հանդիսութեան։

 Պարզութեան մէջ սէր, սիրոյ խորհուրդին մէջ նուիրում եւ առաւել նուիրումը գործի վերածելու մաքուր առաքելութիւն։

 Գիտէի, որ մեծ ճանապարհ անցած է Հայ Աւետ. Եկեղեցին, գիտէի, որ Հայ ժողովուրդի արգանդէն սերած այս հաւատքի ամրոցը քալած է մեր ժողովուրդի խաչելութեան գողգոթայէն, բայց կարեւոր մանրամասնութիւններ կային, որոնք կը պակսէին իմ համար։ 

 Սերումը եղած էր Մայր Եկեղեցիէն, իսկ վայրը՝ Կոստանդնուպոլիսն էր, ուր ճրագը կը վառուէր ու կը տարուէր մինչեւ Արեւմտահայաստանի ամենահեռաւոր աւաններն ու շէները։ 

 Աւետարանականները, որ առաջին օրէն մեծ արժէք տուած էին կրթելու գործին կը բանային հարիւրաւոր վարժարաններ, կը կրթէին սերունդ եւ կը հասցնէին ունակ գործիչներ։ 

 Այդ կերտուած եկեղեցիներն ու դպրոցները ստիպուած կ՚ըլլային լռել պահու մը համար, սակայն Օսմանեան Կայսրութեան մեր ազգին տուած ծանր հարուածէն ետք, դարձեալ կը վերայառնէին ու այս անգամ ծիլեր կու տային Հալէպի, Դամասկոսի, Պէյրութի, Այնճարի ու ամենատարբեր տեղանքներու մէջ։

 Աւետարանական եկեղեցին նուիրումի նաւակ կը դառնար, նաւակ, որուն մէջ տեղ կը տրուէր բոլորին ու աւելի քան յիսուն տարի համայնքը իր լաւագոյն պարգեւները կը վերադարձնէր մեր ժողովուրդին։

 Սուրբ գիրքի, հաւատքի, կրթութեան, արդիականութեան եւ դաստիարակութեան ջահերը իրենց ձեռքերուն Հայ Աւետ. Համայնքի հովիւները նոյն «բարի լուրը» իրենց հետ կը բերէին Հայաստան ու Երեւանի մէջ ընթացք առած գործունէութիւնը կը տարածուէր ամէն դի, հասնելով մինչեւ Արցախ։

 Եւ այսօր ալ այդ ջահը բարձր պահող նուիրեալները կը շարունակեն ու պիտի շարունակեն իրենց անբասիր գործը, լոյս մը տալով խաւարին մէջ, մոմ մը վառելով եւ ի վերջոյ հաւատքի կայծ մը մեր հանրութեան հետ կիսելու։

 Ճիշդ է, որ Հայաստանի ողջ տարածքով մեր հայրենակիցները շատ լաւ գիտեն ու շատ լաւ կը գիտակցին, թէ ինչպիսի վսեմական գործ կը տանին Աւետարանական հայերը, բայց ցաւալիօրէն կան մարդիկ, որոնք ոչ լսած են այդ գործին մասին, ոչ ալ ընկալած են եղած աշխատանքներուն կարեւորութիւնը։

 Այդ մօտեցումն անշուշտ համայնքի ղեկավարութեան համար, ոչ մէկ առթիւ զարմանքի, կամ զայրոյթի առիթ հանդիսացած , որովհետեւ Եկեղեցին ինքը սիրոյ աղբիւր է եւ ինչպէս մեր միւս համայնքները Հայ Աւետ. Եկեղեցին ալ այդ հաւատքին տուն տուող եւ այդ հաւատքին ծառայող Քրիստոսի տուն է ու մարմինը, ինչպէս որ մենք այդ այդ սուրբ եկեղեցիին անքակտելի մասնիկն ենք։

 Յ.Գ. Երբ Հայ Աւետարանական եկեղեցի կ՚ըսենք պէտք է անպայման հասկնալ ԱՀԱԸ, ՄԱՀԵՄ եւ ՀԱՀԽ ու տակաւին այլ մարմիններ ու խորհուրդներ, որոնք բոլորն ալ կը գործեն յանուն մէկ ու միակ նպատակի, որն է Քրիստոսի փրկագործութեան բարի լուրը տարածելու առաքելութիւնը։

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...