Պահելով տարիներու աւանդութիւնը, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, օրերս յիշատակուած է Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն տօնը, որ նաեւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու օրն է։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, կազմակերպութեամբ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» կիրակնօրեայ դպրոցի տեսչութեան եւ ուսուցչական կազմին, Շաբաթ, 29 Նոյեմբեր 2025-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս յիշատակուեցաւ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն տօնը, որ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու օրն է, պահելով տարիներու աւանդութիւնը եւ քաջ գիտնալով կիրակնօրեայ դպրոցին կարեւոր դերն ու առաքելութիւնը հայապահպանման աշխատանքին մէջ։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։ Պատարագի ընթացքին «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներն ու ուսուցիչները կատարեցին երգեցողութիւնը, ղեկավարութեամբ՝ կիրակնօրեայ դպրոցի ընդհ. տեսուչ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի։
Պատարագիչ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ սուրբերու տիպարին, եւ նշեց, թէ ինչպէս անոնք հետեւելով Յիսուս Քրիստոսի խօսքին՝ բոլոր դժուարութիւններն ու չարչարանքները անտեսելով, հասան Հայաստան, ուր քրիստոնէութիւնը քարոզեցին եւ ժողովուրդը հրաւիրեցին Յիսուս Քրիստոսը իբր Աստուծոյ Որդի ընդունելով փրկութեան ճամբայ առաջնորդուելու։
Քարոզի բնաբանը քաղուած էր Մատթէոսի Աւետարանի վերջին գլուխէն (Մատթէոս 28.19), ուր կ'ըսուի. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։
Հայր սուրբը կոչ ուղղեց բոլորին առաքեալներուն տիպարէն օրինակ առնել եւ հրաւիրեց իւրաքանչիւրը իր կարողութեան սահմաններուն մէջ տարածելու Աստուծոյ խօսքը։
Ինչպէս նաեւ Հայր Սուրբը ծանօթացուց եկեղեցւոյ մէջ օգտագործուած իրերուն մասին, իւրաքանչիւրին անունն ու գործածութիւնը ներկայացնելով։
Արարողութեան աւարտին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Տիկնաց յանձնախումբը կոկիկ հիւրասիրութեամբ պատուեց ներկաները։
Փոքրիկները զուարճացնելու նպատակով բոլորը մէկ ուղղուեցան դէպի կիրակնօրեայ դպրոցի «Ն. Շնորհալի» կեդրոն, ուր ուսուցչական կազմին նախաձեռնութեամբ հաճելի խաղեր պատրաստուած էին անոնց համար։
Խաղի ընթացքին, փոքրիկները բաժնուեցան երեք խումբերու, մթնոլորտը ճոխ էր եւ մրցակցութիւնը զօրաւոր։
Խաղէն ետք ներկաները միասնաբար ճաշեցին։
Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ՝ մտերմիկ, ջերմ եւ ճոխ շուրջպարերով։