image

Նիկոսիա.«Կիպրոսի կամաւոր բժիշկներ» միութիւնը պարգեւատրեց ՝Սիմոն Այնէճեանը

Նիկոսիա.«Կիպրոսի կամաւոր բժիշկներ» միութիւնը պարգեւատրեց ՝Սիմոն Այնէճեանը

Օրերս Նիկոսիոյ մէջ  արժանի պարգեւատրումի արժանացած է  Կիպրահայ գաղութի  յարգուած անուններէն՝ Սիմոն Այնճէեանը։

Հպարտառիթ լուրին մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ  համացանցէն։

Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք լուրը, մեր ընթերցող հանրութեան յիշեցնելով, որ Այնճէնեան երկար տարիներու  ծառայութիւն ունի հայ մամուլի աշխարհէն ներս եւ երկար տարիներէ ի վեր կը  խմբագրէ «Կիպրահայեր Ի. Մակազին» համացանցային մեծ տարածում ունեցող հարթակը։

Շաբաթ 25 հոկտեմբեր 2025-ին, Նիկոսիոյ մէջ, «Կիպրոսի կամաւոր բժիշկներ» կազմակերպութիւնը պարգեւատրեց՝ «Կիպրահայեր e-magazine»-ի խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Սիմոն Այնէճեանը վերջինիս մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն եւ Արցախցիներուն օգտին կատարած երկարամեայ կամաւոր գործունէութեան համար։

Մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին նախկին նախարարներ, երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Այնէճեանի մարդասիրական գործունէութիւնը կը սկսի դեռ այն օրերէն, երբ ան կազմակերպեց 40-ժամեայ ռատիօ-մարաթոն մը, որուն ընթացքին հաւաքուեցաւ 250.000 կիպրական փաուընտ,՝ օրինակելի ձեռնարկ մը, որուն միջոցով կիպրացի ժողովուրդը համախմբուեցաւ՝ օգնելու Արցախի ժողովուրդին, որ այդ օրերուն կը պայքարէր գոյատեւման եւ անկախութեան համար՝ ազերիական յարձակումներուն դէմ։

Ստացած պատիւը Այնէճեան ընդունեց Կիպրոսի հայ համայնքի անունով,՝ ընդգծելով այն համատեղ նուիրումը, որ կը միացնէ մարդասիրական համերաշխութեան իտէալներով ապրող ժողովուրդները։

Մրցանակները յանձնեց դոկտ. Էլենա Թէօխարոս, (Եւրոպական նախկին խորհրդարանի անդամ), որ իր խօսքին մէջ դրուատեց բոլոր մրցանակակիրները՝ «ողորմածութեան եւ ծառայութեան իտէալները յառաջ տանելու» համար։

Պատուաւորներու շարքին էին նաեւ՝

• Կիպրոսի Ներքին գործոց նախկին նախարար Նիկոս Նուրիսը,

• Նախկին երեսփոխան եւ «Կանաչ» կուսակցութեան նախագահ Եորղոս Պերդիկիսը,

• Արուստաբան եւ մշակութային գործիչ Աննա Մարանգուն,

ինչպէս նաեւ բազմաթիւ կիպրական միութիւններ, որոնք տարիներ շարունակ օժանդակած են «Կիպրոսի կամաւոր բժիշկներու» տասնեակ առաքելութիւններուն։

Այնէճեան իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով երախտագիտութիւն յայտնեց այն կիպրացի կամաւորներուն, որոնք նպաստած են Ստեփանակերտի Մանկական Հիւանդանոցի հիմնումին, եւ ընդգծեց, որ Կիպրոսի ժողովուրդը՝ տասնամեակներ շարունակ, անշեղօրէն կանգնած է Արցախի կողքին։

Պատիւի արժանացաւ պսակուեցաւ նաեւ Քաթիա Ֆիլի-Մոստիչեան, «Լոկոս Մետիա»-ի ներկայացուցիչը, որ մասնակցած է կազմակերպութեան մարդասիրական ճամբորդութիւններուն դէպի Արցախ եւ առանցքային դեր ունեցած է այն պատմական ռատիօ-մարաթոնի կազմակերպման մէջ, որ սկիզբը դրաւ այս մարդասիրական ուղեւորութեան։

Երեկոն նաեւ յարգեց արուեստի եւ մշակոյթի ներկայացուցիչներ, որոնց ստեղծագործական նուիրումը մեծ դեր խաղացած է մարդասիրական հարցերու նկատմամբ հանրային զգօնութիւնը պահպանելու մէջ։

Ամբողջական այս միջոցառումը ծառայեց իբրեւ Կիպրոսի կամաւորական աւանդութեան յիշատակում եւ միեւնոյն ատեն՝ Կիպրոսի ժողովուրդի բարոյական ու հոգեւոր կապի վերահաստատում Արցախի ժողովուրդին հետ, որ անցած է աւելի քան տասը պատերազմական գօտիներու միջով՝ միշտ տէր մնալով իր մարդասիրական առաքելութեան եւ շնորհքին։

 

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը