Միացեալ Նահանգները չի կրնար յաւերժ խաղալ աշխարհի ոստիկանի դերը, յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիւ Ուիթաքըր՝ մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու նոր ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը Տոհայի մէջ կայացած միջազգային գագաթնաժողովին։
«Միացեալ Նահանգները չի կրնար միշտ ըլլալ աշխարհի ոստիկանը։ Մենք չենք կրնար ըլլալ արագ տեղակայուող ուժ, որ կը շրջագայի աշխարհով մէկ եւ կը միջամտէ իւրաքանչիւր հակամարտութեան», - ըսած է Ուիթաքըր։
Ան ընդգծած է, որ նոր ռազմավարութեան շրջածիրէն ներս Ուաշինկթըն աւելի շատ յոյսը կը դնէ իր տարածաշրջանային գործընկերներուն, անոնց կարգին՝ Քաթարի վրայ՝ ծանր գործերու մէկ մասը կատարելու համար։ Ան նաեւ նշած է, որ Քաթարը Միացեալ Նահանգներու ամենամօտ չէզոք գործընկերներէն մէկն է։
Ուիթաքըր այս ռազմավարութիւնը բացատրած է Ուաշինկթընի՝ իր դաշնակիցներուն զարգացումը տեսնելու ցանկութեամբ, ներառեալ ՆԱԹՕ-ի շրջանակներուն մէջ։
«Մենք կ'ուզենք, որ մեր դաշնակիցները զարգանան, որպէսզի մենք ստիպուած չըլլանք ինքնաթիռակիրներով ու մարտանաւերով անընդհատ պարեկութիւն ընել ամբողջ աշխարհով», - աւելցուցած է դեսպանը։